ԱՄՆ Գոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը այսօր պիտի քուէարկէ լիբանանաեան«Հըզպալլա»ի նկատմամբ պատժամիջոցներու խստացման երկու նախագիծեր:
«Ալ-Ախպար» թերթի համաձայն, առաջադրուող առաջին օրէնքի նախագիծը կ'ռաջարկէ փոփոխութեան ենթարկել 2015-ի « Հըզպալլայի միջազգային ֆինանսաւորումը արգիլող» պատժամիջոցի օրէնքը, եւ ընդարձակել զայն, ներառելով «Հըզպալլա»ի հետ կապ ունեցող անհատներ, կազմակերպութիւններ եւ աջակցող երկիրներ:
Քուէարկութեան դրուած օրէնքի սեւագիրին մէջ նաեւ առաջարկուած է « պարտադիր պատիժներ» սահմանել «Հըզպալլա ի դրամահաւաքի եւ անդամագրութեան վերաբերեալ գործունէութեան», ինչպէս նաեւ «նիւթական փոխանցումներ» իրականացնող ընկերութիւններու, «Հըզպալլաին աջակցող երկիրներուն», կամ որեւէ անձի հանդէպ, որուն ԱՄՆ նախագահը կը ճանչնայ որպէս «Հըզպալլա»ի «գաղափարակից» անոր ֆինանսական, նիւթական կամ այլ տիպի աջակցութիւն ցուցաբերող անձ:
Օրէնքի նախագիծին մէջ որպէս այդպիսիք յիշուած են «Պայթ Ալ-Մալ»ը, «Ճիհատ Ալ-Պինաա»ը,«Իսլամական դիմադրութեան աջակցող մարմին»ը, «Հըզպալլայի արտաքին քաղաքականութեան բաժին»ը, «Հըզպալլա»ի ենթակայ «արտաքին անվտանգութեան կազմակերպութիւնը», ինչպէս նաեւ «Ալ-Մանար» կայանը, «Ալ-Նուր» ռատիօկայանը եւ « Լիբանանեան Մետիա Կրուփ»ը:
Որպէս պատժամիջոցներ առաջարկուած են հաշիւներու սառեցում,ֆինանսական գործարքներու արգելափակում եւ ԱՄՆ մուտքի արտօնագրերէ զրկում:
Երկրորդ օրինագիծը, որ այսօր քուէարկութեան պիտի դրուի, կը կոչուի «Հըզպալլայի կողմէ քաղաքացիներուն որպէս մարդկային վահաններ ապօրինի օգտագործումը», որ կը վերաբերի 2006-ի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործողութիւններուն: «Հըզպալլա»ն կը մեղադրուի քաղաքացիները որպէս վահան օգտագործելու, անոնց տուները զէնք, զինամթերք ամբարելու եւ ժողովրդական բնակելի տարածքներէն հրթիռներ արձակելու մէջ: