Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ԱՄՆ-ն համեմատած է նացիստական ռեժիմի հետ, որ նպատակաուղղուած է օտար նաւթի վրայ։ Սուրիոյ առաջնորդի խօսքով՝ այս յատուկ է ամերիկեան քաղաքական համակարգին:
«Անոնք կը գողանան մեր նաւթը: ԱՄՆ-ի մէջ քաղաքական ռեժիմը հիմնուած է աւազակային խմբաւորումներու վրայ։ Ամերիկացի նախագահը չի ներկայացներ պետութիւն, ան ընդամէնը ընկերութեան գործադիր տնօրէն է, որու ետին կանգնած է տնօրէններու խորհուրդը, իսկ խորհուրդն, իր հերթին, կը ներկայացնէ խոշոր ամերիկեան ընկերութիւնները, որոնք ալ կը հանդիսանան պետութեան իրական տէրերը։ Անոնք նաւթային ընկերութիւններ են, զէնք արտադրողներ եւ դրամատուներ»,- «Ռիս Նովոսթի»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին ըսած է Ասատ՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօ՞ք ան ԱՄՆ գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ քաղաքական աւազակութիւն կը համարէ։
«Կը ցանկամ յիշեցնել պահի մը մասին, որ աւելի լուրջ է, քան ԱՄՆ բնութագրումը որպէս աւազակներ․ կարեւորագոյն գործօններէն մէկը, որը Հիթլերին դրդեր է յարձակիլ ԽՍՀՄ-ի վրայ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն, նաւթն էր»,- աւելցուցած է սուրիացի նախագահը։