Պատմութեան մէջ այս օրը, Կոստանդնուպոլիսը ինկաւ Օսմանեան տիրապետութեան տակ: Այն յունական հին Բիւզանդիոն քաղաքն է, որ ի սկզբանէ եղած է կեդրոն քաղաքակրթութեանց, մայրաքաղաք կայսրութեանց: Դ դարուն (330 ՔԵ), Հռոմի Մեծն կայսր Կոստանդինի կողմէ կառուցուեցաւ հռոմէական կայսրութեան նոր մայրաքաղաքն յարեւելքի, եւ Կեսարայ անուամբ կոչուեցաւ նոյնպէս: Մինչ ԺԵ դարու կէսը (1453 ՔԵ) քաղաքը գոյատեւած է որպէս մայրաքաղաք յունական բիւզանդական կայսրութեան, որոշ ժամանակաշրջանով ենթարկուելով լատինաց իշխանութեան (ԺԳ դար. 1204–1261 ՔԵ):
ԺԴ դարու սկզբին (1299 ՔԵ), Փոքր Ասիոյ մէջ, հիմնուած Օսմանեան կայսրութիւնը, ասիական մոնկոլեան խանաց իշխանութեանց շարունակութիւնն էր՝ իսլամով: Ապրելով մերձակայք ի բիւզանդաց, թիւրքոիսլամ կայսրութեան սուլթանները յաճախ կը միտէին տապալել քրիստոնեայ Բիւզանդիան ու գրաւել զանոր հողերը: Այդ երազանքն ի վերջոյ իրականացաւ սուլթան Մեհմետ խան Բ-ի օրօք, որուն կեանքի նպատակն էր տիրել Կոստանտնուպոլոյ: Մինչ գրաւուիլը, Կոստանտնուպոլսով կեդրոնացած ուղղափառ բիւզանդական կայսրութիւնն այնքան հզօր ու յառաջացեալ էր, որ նոյնիսկ կաթողիկէ հռովմէական կայսրութեան համար սպառնալից էր դարձած: Սակայն ուղղափառ կայսրութիւնը, Կոստանտինոս ԺԱ կայսրի օրօք, չզիջելվ կաթողիկէ Հռովմէային, այդպէս ալ չստացաւ անոր աջակցութիւնն ընդդէմ տանն Օսմանայ, ու դարձաւ թիրախ՝ խուժան սուլթանի նուաճողական օրակարգին: Բիւզանացիները կառչած իրենց հաւատքին, Յայիա Սոփիա մայր տաճարոյ, աղօթքն ի փրկութեան էին հաւաքուած, երբ Մեհմետ խանն արդէն իսկ յաջողեցաւ աւերել քաղաքի երբեմնի խիզախ խարիսխներն ու մտաւ քաղաք, քաղաք մը զոր շարունակելու էր գոյատեւել որպէս մայրաքաղաք 471 տարիներ եւս՝ մինչ Ի դարու կէսերը (1924), այս անգամ ալ՝ իսլամական քաղակրթութեան ջահը բարձրացնելով՝ հանդիսանալով համաշխարհային պատմութեան վերջին կայսրութեան կառավարչական կեդրոնը, սակայն եւ ցաւօք, վերացնելով յունական քաղաքակրթութեան հարուստ ու բարձրորակ արժանիքներն ու ձեռքբերումները:
Յունական մշակոյթն աշխարհի հնագոյններէն ըլլալով, յստակ հիմքեր դրած է համաշխարհային պատմութեան մէջ: Միջնադարի փորձագէտներուն յաճախ հարց է ուղղուած, թէ արդեօք ինչպիսի՞ն կը լինէր աշխարհն այսօր, եթէ մնար Բիւզանդիան, պատասխանը միանշանակ. «Արեւելքը, բնականաբար, աւելի յառաջացած ու քաղաքակիրթ էր լինելու, եւ համարուելու էր շարունակութիւն Արեւմուտքին...»:
Աւետիս Ափոշեան/Յատուկ «Արեւելք»ին