«ACAPS» ուսումնասիրութիւններու կազմակերպութիւնը յօդուած մը հրապարակելով յայտնած է, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին մարդասիրական ճգնաժամերն ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի շարունակեն զգալիօրէն աճիլ, եւ Ափրիկէի մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմները սովի պիտի մատնեն տարածաշրջանը:
150 երկիրներու մէջ տիրող իրավիճակն ուսումնասիրութեան ենթարկած կազմակերպութիւնը մշակած է յառաջիկայ տարուան համար կանխագուշակութիւններու իր ցուցակը:
Կազմակերպութեան տնօրէն Լարս Փիթըր Նիսընի կարծիքով, եթէ 2017 թուականը վատ տարի մըն էր, 2018 թուականին սպասուելիքներն աւելի դրական չեն: Հաւանական է, որ Աֆղանիստանի, Քոնկոյի, Լիպիայի, Եթովպիոյ, Մալիի, Սոմալի եւ Սուրիոյ մէջ բռնութիւններն ու անկայուն վիճակն աւելի սրուին:
Յօդուածին համաձայն, յառաջիկայ տարուան ընթացքին Եթովպիա սովի վտանգին առջեւ պիտի կանգնի:
Նշուած է նաեւ, որ իսլամական ծայրայեղութեան պատճառով պիտի շարունակուին սպանութիւններն ու հակամարտութիւնները: