1954 թուականի հոկտեմբերի 26-ին, Աղեքսանտրիոյ Ալ Մունշիէ հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ Ժամալ Ապտ Ալ Նասէրի դէմ կազմակերպուած մահափորձը, որ թէեւ տեղի ունեցաւ հանրութեան աչքին առջեւ, սակայն երկար տասնամեակներ մնաց չբացայայտուած:
26 հոկտեմբեր 1954 թուականի երեկոյեան, երբ օրուան վարչապետ Ժամալ Ապտ Ալ Նասէր հանրութեան առջեւ ելոյթ կ'ունենար, իր ուղղութեամբ ութ փամփուշտներ արձակուեցան, որուն հեղինակն էր Մահմուտ Ապտ Ալ Լաթիֆ:
Վերջինս Եգիպտոսի մէջ ծայրայեղական «Իսլամ Եղբայրներ» ահաբեկչական շարժման ռազմական թեւը հանդիսացող «Յատուկ ծառայութիւն» կամ «Գաղտնի ծառայութիւն» խմբաւորման անդամ ըլլալու մէջ կը մեղադրուէր, եւ որովհետեւ յայտնի էր որպէս վարպետ նշանառու, Ապտ Ալ Նասէրի սպանութեան գործը յանձնուած էր իրեն:
Երբ Ապտ Ալ Լաթիֆի արձակած ութ գնդակներէն ոչ մէկը կը դիպչի Ապտ Ալ Նասէրին, ընդդիմադիրներ կը սկսին լուրեր տարածել, թէ տեղի ունեցածը իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած ոչ իրական դէպք էր, որ որոշ նպատակներ կը հետապնդէր:
Երկար տարիներ Ալ Մունշիէի դէպքը քննարկման առարկայ էր, որուն մասին թեր ու դէմ կարծիքներ կը փոխանակուէին, այդ թուին այն կարծիքը, թէ Ապտ Ալ Նասէր ինք բեմադրած էր իր մահափորձը: Իր հերթին «Իսլամ Եղբայրներ» շարժումն ամէն ջանք ի գործ կը դնէր, անձախող մահափորձի կասկածներն իրմէ վանելու համար:
Մահափորձէն ետք Ապտ Ալ Նասէր շատ արագ կը վերագտնէ ինքզինք ու կը շարունակէ ելոյթը, բայց այս անգամ շատ աւելի յուզախառն ոճով: Ան դիմելով ժողովուրդին, կ'ըսէ. «Սիրելի' ժողովուրդ... Ազատատե՜նչ տղամարդիկ... Ճամալ Ապտ Ալ Նասէր ձեր արիւնակիցն է, ու արիւնս ձերն է, ձեզի համար պիտի ապրիմ, ու ձեզի ծառայելով պիտի մեռնիմ, պիտի ապրիմ ձեր ազատութեան ու պատիւին համար պայքարելով, եւ անգամ եթէ զիս սպաննեն, ես արդէն ձեր մէջ ցանած եմ ինքնասիրութիւնը, ուրեմն թո'ղ սպաննեն զիս հիմա, ես իմ հայրենիքիս մէջ ցանած եմ ազատատենչութիւնը, ինքնասիրութիւնն ու պատուախնդրութիւնը: Եգիպտոսի համար ու Եգիպտոսի ազատութեան համար պիտի ապրիմ, ու Եգիպրոսին ծառայելով պիտի մեռնիմ»:
Դէպքի վայրին մէջ ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ Մահմուտ Ապտ Ալ Լաթիֆն ու երկու այլ անձեր, սակայն ատրճանակը, որմէ արձակուած էին ութ կրակոցները, կ'անհետանայ: Կը պատմուի, որ յետագային Խտելու Ատամ կոչուած բանուոր մը կը գտնէ այն, եւ քալելով Աղեքսանտրիայէն Գահիրէ կը հասնի, Ապտ Ալ Նասէրին յանձնելու համար այն ատրճանակը, որմէ իր դէմ արձակուեցան ութ փամփուշտները:
Ինչպէս համանման շատ այլ դէպքեր, Ալ Մունշիէի դէպքը նոյնպէս շատ հարցականներ առաջացուցած է ու մինչեւ օրս կը մնայ առեղծուածային:
Ըստ փոխանցուած լուրերուն, մօտ հինգ տարի առաջ, երեք մեղադրեալներէն մէկը, որ արդէն 81 տարեկան էր, կը խոստովանի, թէ Ալ Մունշիէի դէպքը բեմադրուած չէր, այլ իսկական մահափորձ, որ եւ դարձեալ հարցադրումներ կ'առաջացնէ, թէ ինչո՞ւ հիմա՝ տասնամեակներ անց, ծերունին որոշած էր խոստովանիլ ու ճշմարտութիւնը յայտնել: