image

13 միլիոն տոլար. Բրիտանիա «կ'օգնէ» Ռաքքային

13 միլիոն տոլար. Բրիտանիա «կ'օգնէ» Ռաքքային

Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը 13 միլիոն տոլարի յատկացում ըրած է Սուրիոյ Ռաքքա  քաղաքի բնակիչներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Associated Press»- ը, կիրակի օր:

 

Աղբիւրին  համաձայն, Մեծն  Բրիտանիոյ Միջազգային զարգացման նախարար Պրիթի Փաթըլ ըսած է, որ շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը Ռաքքայի մէջ խաղաղ կեանքի վերականգման մեծապէս օգնէ: Ան աւելցուցած է, որ «Մեծ Բրիտանիան կ'աջակցի բազմաթիւ սուրիացիներու, որոնք կորսնցուցած են իրենց ամբողջ ունեցուածքը, օգնութիւններու շարքին կը տրամադրէ` բժշկական օգնութիւն, ջուր եւ վերմակներ»:

 

Կը նախատեսուի, որ Մեծ Բրիտանիան Ռաքքա ուղարկէ ականազերծման  եւ բժշկական սարքեր: Բրիտանական փորձագէտները նաեւ պիտի մասնակցին  145 հազար մարդու բժշկական խորհրդատուութիւն եւ 1,6 հազար մարդու հոգեբանական օգնութիւն տրամադրելու գործին: Ինչպէս նաեւ քաղաքի բնակիչները պիտի ստանան 31 000 սննդամթերքի կողով: