image

Անգարայի մէջ ընդդիմադիր առաջնորդը յարձակման ենթարկուեցաւ

Անգարայի մէջ ընդդիմադիր առաջնորդը յարձակման ենթարկուեցաւ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդական հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քիլիչտարօղլուն յարձակման ենթարկուած է խումբ մը անձանց կողմէ, Անգարայի մէջ զինուորի յուղարկաւորութեան ժամանակ, կը հաղորդէ Ahval-ը:

Ժողովրդական հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմել Քիլիչտարօղլուն ներկայ եղած էր 26-ամեայ հետեւակային զինուորի՝ Ենէր Քիրիքչիի յուղարկաւորութեան արարողութեան Անգարայի նոր քաղաքապետ՝ ԺՀԿ-ի ներկայացուցիչ Մանսուր Եաւաշի հետ միասին:

Քիրիքչի չորս թուրք զինուորներէն մէկն էր, որ սպանուած էր ուրբաթ՝ Իրաքի հետ Թուրքիոյ սահմանին քիւրտ ապստամբներու դէմ գործողութեան ժամանակ:

Քիլիչտարօղլուն շրջափակած էին թշնամաբար տրամադրուած մարդոց ամբոխը, որ այնուհետեւ յարձակած էր անոր վրայ: Անվտանգութեան ծառայողները դժուարութեամբ դուրս բերած էին անոր մարդոց շարքերէն:

Ըստ թրքական NTV հեռուստաալիքի տուեալներուն՝ դէպքի առնչութեամբ ոստիկանութեան սպաներուն օգնած են յատուկ նշանակութեան զօրքերը:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը բազմիցս մեղադրած է Քիլիչտարօղլուն եւ ընդդիմութեան միւս առաջնորդները Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան աջակցելու մէջ 31 մարտի ՏԻՄ ընտրութիւններու նախօրէին: