image

«Armenia» ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ կանոնաւոր չուերթը պիտի գործարկուի 3 Ապրիլին

«Armenia» ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ կանոնաւոր չուերթը պիտի գործարկուի 3 Ապրիլին

«Armenia» օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ ուղիղ չուերթի տոմսերը արդէն սկսած են վաճառուիլ: Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը «Sputnik Արմենիա»ին մանրամասներ ներկայացուցած է այս չուերթի վերաբերեալ։

«Armenia» օդանաւային ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ կանոնաւոր չուերթը պիտի գործարկուի 3 ապրիլէն սկսեալ: Թռիչքը Երեւանէն պիտի իրականացուի շաբաթական երկու անգամ: Ժամանակացոյցի վերաբերեալ արդէն պայմանաւորուածութիւն կայ «Զուարթնոց» օդակայանի հետ

Ուղեւորները պիտի կարենան Պէյրութ մեկնիլ ամենաաժան գինով եւ իրենց հետ տանիլ 30 քկ ուղեբեռ եւ 10 քկ ձեռքի ուղեբեռ:  

Կիտանեան նշած է, որ մարդահամարի վերջին տուելներով` Պէյրութ մէջ 120 հազար հայ կ'ապրի: Ամէն տարի Լիբանանէն մօտաւորապէս 20 հազար մարդ կ'այցելէ Հայաստան: