Արցախի պաշտպանութեան բանակը հիւսիսային սահմանագօտիին վրայ ռեփորթաժ պատրաստած է։
Հակառակորդը այդտեղ յատուկ ջոկատայիններու միջոցով փորձած է ներթափանցել առաջնագիծ եւ գրաւել դիրքը, սակայն մեր տղաներու խիզախ գործողութիւններու շնորհիւ յատուկ ջոկատայինները ջախջախուած են եւ կրելով բազմաթիւ կորուստներ ետ շպրտուած։ Այս պահուն նոյնպէս տրամադրութիւնը շատ բարձր է, տղաքը կը շարունակեն մարտական առաջադրանքը իրականացնել բարձր մակարդակով, զգօն ու պատրաստ, մինչեւ վերջ երթալու:
Պահապաններէն մէկը ցոյց տուաւ հակառակորդի դիերը, որոնցմէ մէկը պաշտօնով փոխգնդապետ է. «Ասոնցմէ մէկը իրենց հրամանատարն է, պաշտօնով ալ փոխգնդապետ է, 13-ն ալ մեզմէ մօտ 50 մեթր հեռու են։ Առաւօտեան մօտ 2 ժամ հրետակոծած են, յետոյ 60 հոգիով յարձակած, մէկ 30 հոգին յարձակած են դէպի դիտակէտ, չեն կարողացած առաջ շարժիլ ու արդէն մարտը սկսած է. ոչնչացուած են»։
Զինուորներէն մէկը նշեց, որ ռազմական գործողութիւնները կազմակերպուած են բարձր մակարդակով եւ այդ պատճառով ալ ունին մէկ վիրաւոր։
«Տղերքը ընկճուած չեն, բոլորն ալ հերոսներ են ու կը կռուին։ Մենք մեր հողերը կը պաշտպանենք։ Ով որ կու գայ, պատասխանը կը ստանայ։ Պիտի չթողենք որ թշնամին առաջ գայ, դեռ մենք կը պատրաստուինք առաջ երթալ։ Կոչ կ'ընենք բոլոր տղաներուն՝ միանալու մեզի, որպէսզի կարողանանք մեր երկիրը պահել, որ իմանան, թէ մեր ազգի ուժը որն է»,- ըսին զինուորները։