image

Պաթումէն ՝ Մոզամպիք. Պէյրութի նաւանահգիստին մէջ «պահուած» «ամոնիոմ նայթրէյթ»ի պատմութիւնը

Պաթումէն ՝ Մոզամպիք. Պէյրութի նաւանահգիստին մէջ «պահուած» «ամոնիոմ նայթրէյթ»ի պատմութիւնը

Ինչպես յայտնած էինք, Վրաստանը հաստատած է, որ 2013 թուականին Պաթումի նաւահանգիստէն ամոնիումի նայթրէյթով բեռնուած նաւ ուղարկած է Մոզամպիք, սակայն այն յայտնուած է Լիբանանի մէջ: Բեռը ուղարկուած է Մոլտովայի դրօշի ներքոյ նաւարկող Rhosus նաւով։

Պէյրութի մէջ առգրաւուած բեռը փոխադրած է ուքրանական անձնակազմը։ Այս մասին կը յայտնէ «Իզուեսթիան»՝ յղում ընելով նաւաստիներու օգնութեան բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Սվեթլանա Ֆապրիքանթին։

Անոր խօսքով՝ նաւը պատկանած է ռուս Իկոր Կրեչուշկինին, նաւապետը նոյնպէս եղած է ՌԴ քաղաքացի, անձնակազմի մնացած մասը բաղկացած եղած է 7 ուքրանացիներէ։

2013 թուականին Պաթումէն Մոզամպիք ուղեւորուելու ժամանակ նաւը թեխնիքական խնդիրներու պատճառով մուտք գործած է Պէյրութի նաւահանգիստ։

Ֆապրիքանթը վստահեցուցած է, որ Կրեչուշկին որոշած է նաւը չսպասարկել, եւ որպէս հետեւանք նաւը չէ կրցած հասնիլ նպատակակէտին։ Լիբանանեան իշխանութիւնները նաւէն արձակած են անձնկազմի 4 երիտասարդ անդամ, իսկ հրամանատարական կազմը նաւին վրայ մնացած է 11 ամիս։

Կը նշուի, որ անձնակազմը մնացած է այնտեղ առանց սնունդի, առանց աջակցութեան, ծանր պայմաններու մէջ։ Մոզամպիքի մէջ բեռին սպասող պատուիրատուն հրաժարած է այլ նաւ գտնել։ Այդուհանդերձ, աւելի ուշ անձնակազմը ստացած է փաստաթուղթերն ու կրցեած է տուն վերադառնալ, սակայն բեռը առգրաւուած է որպէս գրաւ՝ նաւահանգիստի ծախսերուն համար։ Նաւը երկու տարի առաջ ջուրի տակ սուզուած է: