Թուրքիոյ մէջ մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը 1529-էն հասած է 1872-ի։ մահացածներու թիւը՝ 37-էն 44-ի, յայտնած է երկրի առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթին Քոճան, կը տեղեկացնէ ՌԻԱ Նովոսթին։
«Վերջին 24 ժամերուն եղած է 3952 քննութիւն, որմէ 343-ը դրական եղած է։ Եօթ մարդ մահացած է»,- Twitter-ի էջին գրած է Քոճան:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը 11 մարտին COVID-19 «Քորոնա» ժահրի բռնկումը համավարակ ճանչցած էր։ ԱՀԿ վերջին տուեալներով՝ աշխարհի մէջ վարակուած է արդէն 330 000 մարդ, աւելի քան 14 500-ը մահացած է։