image

«Մեր ժողովուրդի ողջախոհութիւնը յաղթահարեց» Սահակ Բ.ն Պատրիարքի հարցազրոյցը ՝ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան

«Մեր ժողովուրդի ողջախոհութիւնը յաղթահարեց» Սահակ Բ.ն Պատրիարքի հարցազրոյցը ՝ «Շանթ» հեռուստաընկերութեան

Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանին։ Այսպէս, ան պատասխանեց՝ պատրիարքական ընտրութեան հետեւելու համար Երեւանէն քաղաքս փութացած լրագրող-հաղորդավար Սագօ Արեանի հարցումներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Սագօ Արեան միեւնոյն ժամանակ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն մին է եւ այս օրերուն արդէն թերթիս սիւնակներուն մէջ ալ գրի առաւ տպաւորութիւններ եւ խորհրդածութիւններ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հարցազրոյցը։


*

-Պատրիարք Հայր, դուք նշեցիք, որ այսօր համայնքի առջեւ գլխաւոր օրակարգը միասնութիւնն է. այսքան տագնապէ, ընտրապայքարներէ եւ խժդժութիւններէ յետոյ այդ օրակարգն է գլխաւոր: Այդ միասնականութեան գետինը կա՞յ այսօր, հայ համայնքին մէջ:

Հիմա մենք մագնիսը ունինք, հետեւաբար այդ մագնիսը պիտի հաւաքէ նշխարեալ կոտորակները մեր համայնքին ի միասին: Իմ մօրս ասեղնատուփին մէջ միշտ կը գտնուէր այդ մագնիսը, երբ ասեղները տարտղնէին, անիկա կը շրջեցնէր եւ բոլորը կը փակուէին անոր շուրջ: Հիմա պատրիարք մը ունինք մենք, այդ պատրիարքին շուրջ մեր համայնքը միշտ համախմբուելու կարողութիւնը եւ բնազդը ունի, որովհետեւ մենք իրարու (ինք մեզի ըսած է) պէտք ունինք:


-Պատրիարք Հայր, պոլսահայ որոշ շրջանակներ մինչեւ հիմա ալ, ձեր ազգընտիր ըլլալու դրոյթին վերաբերեալ հարցականներով հանդէս կու գան եւ անոնք չմասնակցեցան այս ընտրութիւններուն՝ պատճառաբանելով կանոնադրութիւնը: Արդեօք այդ կողմերուն հետ պիտի կրնա՞ք բանակցիլ կամ պիտի կրնա՞ք ձեռք մեկնել:

Փառք Աստուծոյ, այդ կողմերը ընտրութեան վերջին օրերուն իրենց միտքը փոխեցին. մենք ասիկա կը տեսնենք քուէներու քանակէն. միայն 300 քուէ ճերմակ նետուեցաւ, այդ մէկը յստակ նշան էր որ իրենք կը պոյքոթեն ընտրութիւնները։ Այս ընտրութիւններուն 14 հազար քուէ գործածուեցաւ եւ այդ մէկը արդէն ցոյց կու տայ, որ բաւական մարդիկ հասկցած են մեր մտահոգութիւնը եւ համայնքին մտահոգութիւնը: Մենք կատարեալ աշխարհի մէջ չենք ապրիր, հետեւաբար մեր համայնքներն ալ միշտ իրենց ուզածը չեն կրնար ընել։ Մենք 12 տարիէ ի վեր, քանի անգամ ընտրութիւն ընել փորձեցինք եւ ամէն տեսակ արգելքի հանդիպեցանք։ Հիմա մեր առջեւ մեր հայոց սահմանադրութեան համաձայն ընտրութիւն կատարելու հրահանգ մը, կանոնագրութիւն մը դրուեցաւ եւ մեր համայնքի բոլոր հեղինակաւոր կամ գործադիր մարմինները, այսինքն՝ նախաձեռնարկ մարմինը, վարչութիւններու ատենապետները, կրօնական եւ համագումար ժողովները, բոլորը որոշեցին որ այս կանոնագրութիւնը օրինաւոր է. սահմանափակումներ ունի, բայց մեր առջեւ նեղ ալ ըլլայ, մեր համայնքի 12 տարուայ տառապանքը վերջացնելիք կարելիութիւն կ՚ընծայէ։ Պէտք է այս առիթը օգտագործենք, որովհետեւ ասոր հակառակը կրկին այս ընտրութիւններէն զուրկ մնալն էր։ 5-10 տարի եւս դատարաններով ըզ-բաղուելու շրջան մըն էր. այլեւս մեր համայնքը եւ եկեղեցին չեն կրնար տանիլ այս պարակտուած վիճակը՝ շարունակ ընտրութեան մթնոլորտը: Մեր ժողովուրդի ողջախոհութիւնը յաղթահարեց եւ 14 հազար հայորդի ըսին, որ մենք պիտի երթանք մեր պատրիարքը պիտի ընտրենք: Այս արդէն զիս ազգընտիր պատրիարք կ՚ընէ: Դուք անձամբ ներկայ եղաք, ժողովուրդի այս մօտեցումը այս ընտրութիւններուն, որքան փափաքող կար եւ այնքան մեծ մասնակցութեամբ, յուզումով մասնակցեցան, հերթեր կազմուեցան եկեղեցիներու առջեւ: Ուրեմն այս բոլորը ընտրեալ-պատրիարքին արդէն վաւերացումն է իր ժողովուրդի կողմէ: Նաեւ շնորհաւորանքներու տարափ մը կայ թէ՛ եկեղեցական շրջանակներէ, նախ եւ առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, եւ այլ աթոռներէն եւ մեր գրեթէ բոլոր առաջնորդներէն: Պետական մարդիկ՝ ներքին գործոց նախարարը, արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորեցին։ Պր. Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անձամբ կ՚ուզէ շնորհաւորել, Անգարա երթալու ծրագիր ունինք մօտաւոր ապագային: Ուրեմն այս բոլորը ես կը կարծեմ, որ այս ընտրութիւններու վրայ ոչ մէկ ստուեր կը թողու:


-Պատրիարք Հայր, գիտենք որ, ինչպէս դուք ալ ըսիք, նոր շրջափուլ մը կը բացուի Սահակ Բ. Պատրիարքով, արդեօք որոշ ծրագիր մը կա՞յ. ձեր գործունէութեան պատուհանները թուարկելու գլխաւոր նիւթերը ի՞նչ պիտի ըլլան:

Ուրեմն, նախ եւ առաջ մեր մեծագոյն խնդիրները պիտի հասկնանք, թէ ինչեր են, եւ գիտենք, հետեւաբար այդ խնդիրները լուծելու համար, մենք ստիպուած ենք աշխատելու, յանձնախումբեր պիտի կազմենք: Մեր մեծագոյն խնդիրը, որ մենք նուազող համայնք մըն ենք, 12 ծնած անձի դէմ 26 անձ կը վախճանի: Խառն ամուսնութիւններ շատ են, երիտասարդութիւնը եւ մանուկները կը հեռանան համայնքային կեանքէն, նաեւ հայախօսութեան եւ եկեղեցիի յաճախումները շատ նուազած են, ասոնք իրապէս ահազանգ հնչեցնելու խնդիրներ են: Ուրեմն, ասիկա լուծելու համար ամբողջ համայնքը ընդգրկող լուծում պէտք է։ Մենք մեր աշխարհական ուժերը շարժման պէտք է անցընենք, եկեղեցական մեր կարողութիւններուն զուգահեռ, որովհետեւ մեր համայնքը ներկայացնելիք եւ կառավարելիք աշխարհական մարմին մը չունինք, անցեալին կար, մինչեւ 60 տարի առաջ կար, եւ երբ այդ վարչութիւնը չունինք, այն ատեն խնդիրները տեղային լուծելու կը ստիպուինք եւ չեն լուծուիր: Օրինակ՝ մենք ստիպուած ենք հասարակաց պիւտճէ մը շինելու, որովհետեւ օգնութեան պէտք ունեցող դպրոցներ ունինք, աղքատներ ունինք, կրթաթոշակներու բաժանումը պէտք է լաւ կատարենք, հարստացած թաղեր ունինք, աղքատացած թաղեր ունինք եւ մենք վերին մարմին մը ստեղծելու ստիպուած ենք, ասոր աշխատանքները պիտի կատարենք: Մեր համայնքը Հանրապետական շրջանին չունի որեւէ գրաւոր վաւերաթուղթ, չունինք կանոնագրութիւններ, չունինք օրէնքներ, յատկապէս այսպէս պատրիարք ընտրելու ժամանակ կը մատնուինք խուճապի, ի՞նչ պիտի ընենք չենք գիտեր, պետութիւնն ալ չի գիտեր, որովհետեւ գրուած օրէնքներ չկան: Երբ մենք այս խնդիրները կը խօսինք պետական իշխանութեան հետ, իրենք ալ կը հասկնան եւ կ՚ուզեն լուծել այս խնդիրները՝ յօգուտ մեր համայնքին, հետեւաբար պէտք ունինք այս կազմակերպչական աշխատանքը տանելու, եթէ այդ կարողանանք, այն ատեն ամէն մարզի մէջ՝ ըլլայ կրթութիւն, ըլլայ եկեղեցական պատրաստելու, ըլլայ երիտասարդներու աշխատանքներ, կիներու աշխատանքներ, այս բոլորը մենք կրնանք կազմակերպել: Բայց բոլոր աշխատանքներուն համար երեք բան շատ էական է. այսինքն պէտք է ծրագիր, մարդուժ եւ ֆինանսաւորում։ Այս երկուքը ունէինք, յանձնախումբեր ունէինք, ծրագիրներ ունէինք, բայց ասոնց ֆինանսաւորումը չէր ըլլար, անոր համար այս վերին մարմնին պէտք ունինք, որպէսզի կարողանանք լուծումները հայթայթել, նաեւ այդ ֆինանսաւորումները հայթայթել:


-Պատրիարք Հայր, գիտենք, որ Պոլսոյ Աթոռը ոչ միայն իր կրօնական դարաւոր արժէքը եւ իմաստը ունի հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ, այլ նաեւ ձեւով մը քաղաքական կամուրջ մըն է հայ ժողովուրդին եւ Թուրքիոյ միջեւ ու ամէն առիթով մենք կը սպասենք, թէ պատրիարքը ի՞նչ պիտի ըսէ: Արդեօք դուք մտավախութիւններ ունի՞ք, պիտի կարողանա՞ք Հայաստան, Թուրքիա, հայ ժողովուրդ, Անգարա այս բոլորին մէջ այնպէս մը հանդէս գալ, որ խռովութիւններ կամ ձեր անձին հանդէպ քննադատութիւններ չըլլան, որովհետեւ շատ նուրբ եւ պատմական դերի մը կոչուած էք:

Ուրեմն լաւ բառ մը գործածեցիր, կամուրջ ըսիր. կամուրջը ունի առաւելութիւններ եւ դժբախտութիւններ, կամուրջը կը պատկանի ոչ մէկուն, միջին հատուած մըն է, նաեւ կը պատկանի ամէնուն: Հետեւաբար, մենք այս հակասութիւնները կ՚ապրինք, որպէս պոլսահայութիւն կը պատկանինք ամբողջ հայ աշխարհին, բայց որպէս կամուրջ կը պատկանինք Թուրքիային։ Այս Հանրապետութեան մէկ մասն ենք, այս հասարակութեան մէկ մասն ենք, հետեւաբար ասիկա բարդ խնդիրներ կը ստեղծէ, երբեմն այս բոլոր հատուածները կ՚ուզեն, որ մենք իրենը ըլլանք, մենք ալ կ՚ուզենք պահպանել մեր ինքնավարութիւնը, մեր ինքնուրոյնութիւնը, հայաշխարհին մենք այսպէս օգտակար կրնանք ըլլալ: Մենք ի՞նչ կը ներկայացնենք, գիտէք. 1915-էն առաջ հայերը կեանք մը ունէին Օսմանական պետութեան մէջ, այսինքն՝ միացած այս կայսրութեան մէջ իրենց կեանքը շարունակող, իրենց լեզուն, իրենց արժէքները պահպանող, եկեղեցիներ եւ վանքեր ունեցող, կեանք մըն էր անիկա։ Հիմա ամբողջ հայաշխարհը չունի ասիկա բացի պոլսահայութենէ, այսինքն պոլսահայութիւնը տեսակ մը մնացած է այս 19-րդ դարու իրավիճակէն, քաղաքական եւ մշակութային, այսինքն մենք հայութեան միակ այն հատուածն ենք, որ կարող ենք թուրքերու հետ լեզու գտնել, անոնց հետ միասին ապրիլ, զանոնք հասկնալ եւ անոնք ալ մեզ հասկնան. խաղաղ մթնոլորտի մէջ, համերաշխ մթնոլորտի մէջ։ Այո, խնդիրներ պակաս չեն, բայց մեծամասնութեամբ երջանիկ հաւաքականութիւն մըն ենք։ Այս մէկը ես կը կարծեմ, որ շատ թանկագին է, որովհետեւ մենք ապագայ ունինք, երկու երկիրներու միջեւ, երկու ժողովուրդներու միջեւ ապրուելիք։ Իպն Խալտուն կ՚ըսէ. «Աշխարհագրութիւնը ճակատագիր է»։ Հետեւաբար այս աշխարհագրութիւնը Թուրքիան եւ Հայաստանը, թուրք եւ հայ ժողովուրդները, նուազագոյնը հազար տարիէ ի վեր դրացիներ ըլլալով ապրելու պարտադրած է։ Մեր ճակատագիրն է, չենք կրնար փրկուիլ թուրքերէն, թուրքերն ալ չեն կրնար փրկուիլ մեզմէ։ Հետեւաբար մենք կամ աւելի խաղաղ, աւելի լաւատես ապագայ մը պիտի կերտենք միասնաբար, կամ ալ իրարու փուշը պիտի դառնանք, ինչպէս որ այս օրերուն կը տեսնենք, միշտ երրորդ երկիրները, ովկիաններէն անդին, պիտի գան եւ մեր խնդիրները պիտի առնեն, իրենց շահին համար պիտի գործածեն: Այսինքն ես, անշուշտ թէ շատ կը փափաքիմ որպէս հայ եւ որպէս Թուրքիոյ քաղաքացի, երկխօսութիւնները վերսկսին, սահմանները բացուին, Վիեննայի երկխօսութիւնները սկսին, հայ-թրքական փրոթոքոլները կեանքի անցնին։ Այս բոլորը մենք պէտք է ընենք, եթէ ոչ՝ այն ատեն շարունակ իրարմէ քաշուող, իրարմէ վախցող, իրարու վնաս հասցնելու պատրաստ հաւաքականութիւններ ըլլալով, իրարու դժոխքին պիտի վերածուինք: Հետեւաբար քու հարցումիդ պիտի ըսեմ, որ այո պոլսահայութիւնը կամուրջ մը կրնայ ըլլալ, բայց սահմանափակ է նաեւ, որովհետեւ այստեղ քաղաքական գործօնը կը պակսի, մենք կրնանք մշակութային կամուրջ մը ըլլալ, մենք կրնանք գեղար-ւեստի կամուրջ մը ըլլալ, հոգեւոր մթնոլորտի մէջ կամուրջ մը ըլլալ, լեզուական կամուրջ մը ըլլալ, բայց չենք կրնար քաղաքական կամուրջ մը ըլլալ, անիկա երկու երկիրներու, երկու ազգերու կամքէն պիտի բխի:


-Մեզ՝ որպէս արեւմտահայեր, յատկապէս նախկին Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ, միշտ ալ յուզած է իսլամացած հայերու հարցը եւ երկար ժամանակէ ի վեր Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը այդ առումով լուռ է. արդեօք այս խնդիրը ձեզ կը յուզէ՞ Պատրիարք Հայր:

Ուրեմն լուռ ըսելը, ոչ մէկ բան չենք ըներ ըսել չէ: Աստուած լուռ է, բայց ամբողջ տիեզերքը կը կառավարէ, հետեւաբար երբեմն աղմուկը գործը կ՚արգիլէ: Ես ձեզի ըսեմ, որ ամէն տարի, մենք 200-ի մօտ այսպիսի հայ կը մկրտենք, քիչ թիւ չէ: Մենք չենք կրնար աշխոյժ առաքելութիւն տանիլ ներկայիս, բայց մեր դռները մինչեւ վերջ բաց են, այսպիսի անձեր եթէ իրենց արմատներուն դառնալ կ՚ուզեն, եւ միանալ կ՚ուզեն մեր համայնքին հետ: Երբեմն խնդիրը սա է, իրենք հայ ըլլալ կ՚ուզեն, մենք ալ իրենց կ՚ըսենք, որ դուք արդէն հայ էք, եթէ մէկը ինքզինք հայ կը զգայ, անոր թուղթ տալու պէտք չկայ, մենք կ՚ընդունինք, որովհետեւ ազգութիւնը աւելի մեծ բան մըն է կրօնքներէն։ Այսինքն մենք հայ կաթողիկէ ունինք, հայ բողոքական ունինք, հայ անաստուած ունինք, վստահ եմ, որ պուտտայական հայեր ալ ունինք, բայց մենք բոլորս հայ ենք, իսլամացած հայեր ալ կրնան ըլլալ, անոնք ալ հայ են: Իսկ եթէ հայ ըլլալը կը տեսնեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէկ մասը դառնալու մէջ, անիկա պայմաններ ունի. մենք չենք կրնար շատ արժան կերպով շնորհաբաշխել մեր արժէքները առանց վստահ ըլլալու, թէ իրապէս քրիստոնեայ ըլլալ կ՚ուզե՞ն, թէ ոչ. հայ քաղաքակրթութեան մէկ մասը դառնալ կ՚ուզե՞ն, թէ ոչ, իրենց ուզած ձեւով չէ, մեր ուզած ձեւով, որովհետեւ հոս արդէն խնդիր չկայ, եթէ մէկը ինքզինք հայ կը զգայ, հայ է, մենք ո՞վ ենք, որ դուն հայ չես ըսենք, բայց եթէ ներս պիտի առնենք, այն ատեն ուշադիր պիտի ըլլանք: Մեզի այդպէս կը քննադատէին, իմ վերջին այցելութեանս Հայաստան, իշխանութիւնները ըսին, որ ամէն մարդ մի՛ մկրտէք, ամէն մարդու մկրտութեան թուղթ մի՛ տաք, որովհետեւ անոնց նպատակը երբեմն յաճախ Եւրոպա երթալն է, մեր անձնագիրը առնելն է, ուշադիր եղէք։ Այսինքն մեզ քննադատողները այս անգամ ուզեցին, որ իրենք քիչ մը աւելի հաւասարակշռեալ երթան, իսկ մենք միշտ հաւասարակշռեալ ենք, որովհետեւ մենք միշտ գիտենք այդ վտանգները, որովհետեւ երբեմն հայութիւնը այնպիսի մասսայով լեցնել կ՚ուզեն, որ մեր համայնքը քաշեն ուրիշ քաղաքականութիւններու ետեւէն, որովհետեւ այդ հայերը մեծ մասամբ քիւրտերու հետ խառնուած են, հետեւաբար քրտական դատին, քրտական բաժանողական քաղաքականութիւններուն մեր համայնքը քաշել կ՚ուզեն, այն ատեն ամէն ինչ կը կորսնցնենք մենք հոս: Մենք բաւական զոհ տուինք, այլեւս այդ դատերուն համար տալիք զոհ չունինք, շատ ուշադիր պէտք է երթանք, մենք հարկաւ թէ կ՚ուզենք նոր անդամներ, բայց մեր պայմաններով, ոչ թէ իրենց պայմաններով:


-Պատրիարք Հայր, վերջին ձեր խօսքը, ի՞նչ սրտի խօսք, ի՞նչ պատգամ ունիք տալիք «Շանթ» հեռուստաընկերութեան ակնդիրներուն եւ անոր ընդմէջէն նաեւ հայութեան ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Նախ եւ առաջ, ես գոհունակութիւնս յայտնել կ՚ուզեմ այս հետաքրքրութեան, ոչ միայն Հայաստանէն, այլ սփիւռքի ամբողջ տարածքէն, ամբողջ օճախներէն ուրախութեան կոչեր, ուրախութեան արտայայտութիւններ եկան, իրապէս ուրախացան, որ Պոլսոյ համայնքը բուժուեցաւ, որովհետեւ մենք մէկ մարմին ենք, մէկ ազգ ենք եւ մեզմէ դուրս հոսանքները մեզ այսպէս սփռած են ամբողջ աշխարհ, բայց նաեւ ունինք մենք մեր այս կապերը, խորունկ եւ բարոյական, հոգեկան, ազգային, մշակութային, լեզուական կրօնական այն ամէն կապերը, եւ ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայաստանի բոլոր հեռուստացոյցերուն եւ «Շանթ Թիվի»ին, որովհետեւ իրապէս կարծես Հայաստանի մէկ դէպք ըլլալով դուք մօտեցաք այս գործին, եւ ուզեցիք հանրութիւնը լուսաբանել Պոլսոյ ընտրութիւններու վերաբերեալ: Ասիկա անշուշտ թէ ուրախացուցիչ ծառայութիւն էր մեզի համար ձեր կողմէ, բայց նաեւ կայ ուրիշ գիծ մը, որ պէտք է իմանայ մեր բոլոր հայ ժողովուրդը. Հայաստանը եւ Սուրբ Էջմիածինը ամբողջ հայ ազգին համար, շատ կարեւոր է իր հոգիի նորոգութեան համար։ Մենք կը դիտենք հեռուէն թերեւս հեռուստակայաններու սփռումները, Հայաստանի կեանքը, այն մշակութային ծրագիրները ու մեր հոգիին մէջ այս թարմացումը կ՚ունենանք, մեր կապերը եւ ուխտը, որպէս հայեր կը թարմանայ, ասիկա մեծ ծառայութիւն է, այսինքն պէտք է Հայաստանը մնայ, բարգաւաճի, մեր ժողովուրդը հոն ժողովրդավար եւ բարօր հայրենիք մը ստեղծէ, որպէսզի մենք անոր նայելով դարմանուինք, մեր արմատներէն աւիշ քամենք եւ զօրանանք: Այնպէս որ այդ միութիւնը, ես կը կարծեմ բոլոր հայերուն համար նորոգիչ եւ զօրացնող ազդեցութիւն ունի իր խորքին: Ես շատ շնորհակալ եմ, որպէս նոր Պատրիարք, այս հետաքրքրութեան համար, ապագային հարկաւ թէ մենք մե՛ր խօսքը պիտի ունենանք եւ մեր բաժինը պիտի բերենք հայութեան խնդիրներուն եւ մեր լուծումները պիտի առաջարկենք: Ես պիտի խնդրեմ մեր բոլոր դիտողներէն, իրենց աղօթքները չպակսեցնեն: Ես շատ լաւ գիտեմ, որ ամբողջ աշխարհ այս ընտրութիւններուն համար, յատկապէս Սահակ Պատրիարքին համար, աղօթողներ շատ էին, անոնք թող շարունակեն: Այս դժուար գործերուն մէջ Աստուած մեր ուժն ու կորովը չպակսեցնէ եւ դեղ ու դարման դառնանք մեր վիրաւոր ժողովուրդին: