image

Quarantaine. Արմենակ Եղիայեան

Quarantaine. Արմենակ Եղիայեան

Քանի վարձկանք իցեն ի տան հօր իմոյ
հացալիցք, իսկ ես աստ սովամահ կորնչիմ:

 

1.Quarantaine

Ֆրանսերէն բառ մըն է, որ բուն իմաստով կը նշանակէ քառասնեակ, այսինքն՝ քառասունի չափ, ընդհուպ քառասուն հատ. նմանակներն են՝ trentaine-երեսնեակ, vingtaine-քսանեակ,  centaine-հարիւրեակ եւ այլն: Ուրիշ ոչ մէկ իմաստ կը բովանդակէ:

Իմաստային  ընդլայնումով՝ բառս  նշանակած  է   գումարը այն օրերուն, ուր ճամբորդ մը ցամաք ելլելու կամ սահման մը հատելու առթիւ պարտաւոր էր մեկուսանալ՝ թօթափելու համար այն ենթադրեալ վարակները, որ կը կրէր ան: Իմաստային աւելի ընդարձակումով՝ quarantaine կոչուած է նաեւ այն մեկուսարանը, ուր ենթական կ’անցընէ իր օրերը:

Բառս իր այս վերջին իմաստներով թափանցած է եւրոպական այլ լեզուներ, երբեմն հնչիւնական թեթեւ պատշաճեցումներով, որոնցմէ մէկն ալ անգլերէն quarantine, կառանտին-ն  է, եւ այս մէկն ալ  միահամուռ որդեգրուած է արեւելահայ  իրականութեան մէջ այն նոյն դիւրութեամբ, որով  հիւրընկալուած են հազարաւոր  ուրիշ բառեր[1]:

Գալով արեւմտահայ իրականութեան՝ շատ վաղուց, Նորայր Բիւզանդացիէն սկսեալ (1884) եւ մինչեւ մեր օրերը,   փորձուած է թարգմանել  զայն. առ այս առաջարկուած են խայտաբղէտ եզրեր, ինչպէս՝ քառասնօր, քառասնաւուրք, քառասունք, քառասնակ, քառասնեակ,  քառասնօրեայք, զգուշապահք:

Հայերէնը քիչ մը աւելի առաջ երթալով հնարած է նաեւ քառասնարկել բայը, որ մեկուսանալու գործողութիւնն է, հնարած է նաեւ քառասնարան եզրը, որ նոյն ինքն մեկուսացման վայրն է: Ֆրանսերէնն ու յարակից լեզուները չունին այս երկու եզրերը:

Ծանօթ.– Լիբանանահայութիւնը  Քառանթինա կոչած է այն գաղթակայանը, որ կառուցուած է հայ գաղթականներու ձեռքով՝ հէնց այնտեղ, ուր ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը 1920-ին հաստատած է իր մեկուսարանը՝ նաւահանգիստին անմիջապէս կից:

 

*      *

 *

Այս բոլորին մէջ կրկնութիւն  են քառասնօր-ը (աշխարհաբար)-ը եւ քառասնաւուրք

(գրաբար):  Քառասունք-ը ընդունելի չէ, քանի ան արդէն եկեղեցական եզր է՝ բոլորովին տարբեր նշանակութեամբ: Քառասնեակ-ը բառացի թարգմանութիւնն է  quarantaine-ին:

Իսկ արեւելահայ բառարանները՝ Մալխասեան, Աղայեան, Ակադեմիա, իբրեւ հասկացութեան անուն  որդեգրած են  կարանտին, որու բացատրութեան մէջ վերջին երկուքը  ունին մեկուսարան:

*    *    *

Ինչպէս կը նկատենք, փաստօրէն չենք յաջողած յանգիլ հայերէն եւ հայեցի հանրօրէն ընդունուած եզրի մը: Ակնարկութիւնս կը վերաբերի մասնաւորաբար արեւմտահայ բառարանագիրներուն, եւ հետեւեալ պատճառով. մեր արդի պատմութեան մէջ որեւէ պետական սահման ունեցած չըլլալնուս պատճառով՝ մեր բարքերուն մէջ չէ արմատակալած համապատասխան եզր մը, որուն կառչէինք ու   նուիրականացնէինք  զայն:  Իսկ արեւելահայերը ոչ մէկ ատեն մտածած են հայացնել  տուեալ եզրը:

Ինչպէս նախորդ յօդուածներուս  մէջ ըսած էի Pandémie-ին եւ Banque-ին առթիւ, այս պարագային եւս  օտար բառը շատ հեռու է ընդգրկելէ ու թելադրելէ իր նշած հասկացութիւնը: Մինչդեռ մեր  քառասնօրեայք-ին քառասնօրէք հնչիւնափոխ ձեւը, ինչպէս նաեւ զգուշապահք-ը  շատ աւելի խօսուն ու արտայայտիչ են: Ասոնցմէ մէկը վայելչօրէն կրնայ գոհացնել մեր կարիքները: Թերեւս նախընտրաբար քառասնօրէք-ը՝ լրացուցիչ միւս երկու եզրերով:

Ուրեմն՝ քառասնօրէք, քառասնարան, քառասնարկել:

 

2.Tank

Նոյն ինքն է՝ բոլորիդ ծանօթ պատերազմական պողպատեայ ամրակուռ զրահապատը, որուն արեւմտահայերէն տուած ենք հրասայլ անունը,  մինչ արեւելահայերը  պարզապէս տառադարձած են օտար անունը ու դարձուցած են զայն տանկ: Ինչո՞ւ...որովհետեւ  հրասայլ բառը չի հրապուրեր զիրենք (ինչպէս  դրամատուն-ը  թերի կը գտնէր վարորդս՝ նախընտրելու համար բանկ-ը, որ...աթոռ կը նշանակէ):

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ tank,– ան պարզապէս կը նշանակէ սնտուկ, ոչ աւելի, ոչ պակաս:

Մինչ հայերէնը հրաշալի կը բացատրէ տուեալ առարկան. ան նախ եւ առաջ կառք մըն է՝ սայլ մը, որ...կրակելու կը ծառայէ. եզր մը կրնա՞յ ասկէ աւելի ընդգրկուն ըլլալ...

 

*      *

*

Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին էր, որ անգլիացիները կառուցեցին առաջին հրասայլերը՝ ծայրայեղ գաղտնապահութեան մէջ: Սնտուկներու մէջ դրուած՝ անոնք գերմանական ճակատ   առաքուեցան մեծ զգուշութեամբ՝ tank անունին տակ, ուստի  նաւահանգիստի պաշտօնական տոմարներուն մէջ այդ «ապրանք»-ը արձանագրուեցաւ պարզապէս իբրեւ tank` սնտուկ, ուրիշ որեւէ մանրամասնութիւն  չտրուեցաւ, եւ այնուհետեւ, երբ այլեւս գաղտնիք չէր մնացած,   ան շարունակեց կոչուիլ այդ նոյն անունով, որ ընդօրինակուեցաւ աշխարհի բազմաթիւ լեզուներէն, ներառեալ...արեւելահայերէնը:

Այսօր ոչ մէկ արեւելահայ կը ճանչնայ  հրասայլ եզրը:

Գալով բառարաններուն՝

***Մալխասեան բացարձակապէս ոչ մէկ յիշատակութիւն կը կատարէ անոր:

Մինչ երկար-բարակ կը բացատրէ տանկ-ը իրեն յատուկ պայծառութեամբ ու պերճախօսութեամբ՝ նշելով, թէ ան փոխառութիւն է ռուսերէնէ:

***Աղայեան փակագծի մէջ կը նշէ՝ արեւմտահայերէն, եւ կից կու տայ  «արեւելահայերէնը», այսինքն՝ տանկ: Կը յիշատակէ հրասայլ  հիմքով քանի մը ուրիշ բաղադրութիւններ՝ բոլորին քով հետեւողականօրէն յիշատակելով անոնց  արեւմտահայերէնին պատկանելութիւնը:

***Ակադեմիայի քառահատորը  դրած է չոփ-չոր  «հրասայլ-տանկ» երկբառ բառայօդուածը՝ այնուհետեւ այլեւ բնաւ չյիշատակելով հրասայլ-ը:

***Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը կը դնէ հրասայլ եւ իսկոյն պարզ ու մեկին  կը յղէ  տանկ-ին, որ կը նշանակէ, թէ նման բառ չի ճանչնար ժամանակակից արեւելահայերէնը:

Եւ այսպէս, դժբախտաբար, քանի՜-քանի՜ հազարաւոր  աթոռատիպ ու սնտուկակերպ բառեր թխմուեցան արեւելահայ բարքերուն մէջ՝ մոռացութեան տալով արեւմտահայ բառարանագրական գանձարանի այն անսպառ հարստութիւնը այնքա՜ն գեղեցիկ, թելադրական ու  վայելուչ  բառերու, որոնք  արեւմտահայերէնի սեմէն անդին չանցան:

Որքա՜ն դիպուկ ու տեղին է Անառակ որդիին դառնութիւնը.

«Քանի՜ վարձկաններ կուշտ կ’ապրին հօրս տան մէջ, իսկ ես հոս սովամահ կը մեռնիմ»:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

 

                                                                                                 


[1] Պսակաձեւ ժահրի առթիւ Եթովպական կառավարութիւնը սահմանը հատողներէն կը պահանջէ 14-օրեայ մեկուսացում մը, եւ ֆրանսական թերթերը զայն կոչեցին պարզապէս «quatorzaine», որ բառացի կը նշանակէ «տասնչորս-եակ»,  ու վե՛րջ: Կը տեսնէ՞ք որքան անճոռնի,  բայց նաեւ դիւրին կը կազմուին եզրերը այլ լեզուներու մէջ, մինչ հայերս հազար մաղէ կ’անցընենք  հայերէն առաջարկները՝ մերժելու համար բոլորն ալ, եւ կը յանգինք օտար եզրի մը որդեգրումին: