image

Կարօտնալ, կարօտիլ, կարօտ ըլլալ. Արմենակ Եղիայեան

Կարօտնալ, կարօտիլ, կարօտ ըլլալ. Արմենակ Եղիայեան

Մեր շուրջ յաճախ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ պէտք է ըսել՝

---կարօտցայ  ընտանի՞քս՝ հայցական հոլով,

---կարօտցայ ընտանիքի՞ս՝  տրական  հոլով:

Քերականական եզրաբանութեամբ այս կը նշանակէ՝ այս բայը   ներգործակա՞ն է, թէ՞ չէզոք:

Անցած դարու մեր լաւագոյն բառարանագիրներէն երկուքը՝ Տէր Խաչատուրեանն ու Կռանեանը ներգործական կը նկատեն զայն, մինչ միւս երկուքը՝ Գայայեանն ու Ճիզմեճեանը  կը նկատեն չէզոք: Արդ, ինչո՞ւ այսպէս է: Ինչո՞ւ հազարաւոր ուրիշ բայերու պարագային դիւրին է միաձայնութիւնը, իսկ կարօտնալ-ին պարագային կը դժուարանայ ան: Կամ թէ ինչո՞ւ մեր այս չորս բառարանագիրնրեը, որոնց չորսին ալ  վաստակը ծանօթ է  ընթերցողներուդ, տարբեր արժեւորում տուած են անոր բայական սեռին:

Զայն տարբեր կ’արժեւորեն խօսողներն ու գրողները եւս:

Այսպէս է, բարեկամնե՛ր, որովհետեւ կարօտնալ-ը աշխարհաբարի այն բոյլ մը բայերէն է, որոնք  չեն յաջողիր  արեւմտահայուն պարտադրել իրենց սեռը, ինչպէս կը պարտադրեն, օրինակ՝ սիրել ընկերը (ներգործական-հայցական)  եւ մօտենալ ընկերոջ (չէզոք-տրական):  Արդարեւ, դժուար է պատկերացնել քիչ թէ շատ  հայերէնը իւրացուցած հայեր, որոնք շփոթեն այս երկուքին սեռերը, անդին սակայն  այդ նոյն  հայերուն միջին հաշուով յիսուն տոկոսը պիտի սխալ կիրարկէ կարօտնալ-ը. կէսը պիտի ըսէ «կարօտցայ հայրենիքս», իսկ միւս կէսը՝ «կարօտցայ հայրենիքիս»:

Ըստ էութեան՝ սխալ չկայ այս բոլորին մէջ, այլ դէմ-յանդիման կը գտնուինք բայական սեռափոխութեան կամ գէթ կրկնասեռութեան  պարագաներու հետ:

Եւ կարօտնալ-ը միակը չէ, ինչպէս ըսինք. մեր դատողութեամբ, որ կը հիմնուի  բանաւոր շփումի եւ ընթերցումներու  վրայ, արդի արեւմտահայերէնի մէջ երկսեռութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ՝ բարեւել, սկսիլ, մտիկ ընել, ունկնդրել, ձեռնարկել, սպասել...որոնք պատմականօրէն չէզոք եղած են:

Ծանօթ.– ա) Գ. Զոհրապ  նոյն պատմուածքին մէջ,–  «Երջանիկ մահը»,–  երկու տարբեր հոլով խնդիր տուած է մտիկ ընել բային. «Տոքթորը ինք մտիկ կ’ընէր  ամենուս»: «Խելօք տղոց պէս մտիկ ըրինք զինքը»: բ) Եթէ խօսողը կը գիտակցի, որ ունկնդրել բառացի կը նշանակէ «ականջ դնել», ան ինքնաբերաբար տրական հոլով կ’ընտրէ, որովհետեւ ականջ կը դնենք բանի մը,  որ տրական է: Այլապէս  սովորական է նաեւ այս բային հայցական հոլով խնդրառութիւնը:  գ) «Ազդակ»-ը նոյն թիւին մէջ,– 28-10-19, էջ 10,–   իր կարգին երկու տարբեր հոլով խնդիր տուած է ձեռնարկել բային. «Չինաստանը ոչինչ կը ձեռնարկէ»: «Պէտք է անհրաժեշտ  միջոցներու ձեռնարկեն»: դ) Սպասել-ը չէզոք է ըստ Գայայեանի ու Ճիզմեճեանի,  ներգործական՝ ըստ  Տէր Խաչատուրեանի եւ  Կռանեանի:  Էդիկ Աղայեան չէզոք կը նկատէ զայն, սակայն բերած բնագրային օրինակներուն մէջ կան ներգործակաան կիրարկութիւններ եւս:  Յ. Պալեան   գրած է . «Սպասել ի՞նչ  բան» (Ազդակ, 4-11-19, էջ 6):


*     *

*

Ըստ իմաստի՝ կարօտնալ-ը շատ աւելի ցոյց կու տայ զգացական-հոգեկան բաց մը, պակաս մը, տենչ մը, որ կեդրոնացած է  ոչ-նիւթական՝ վերացական հասկացութեանց վրայ, ինչպէս՝ հայրենիք, զաւակ, մայր, սիրեկան, եղանակ...

Ասոր կողքին ունինք նոյնարմատ  կարօտիլ բայը, որ  կը նշանակէ կարիքի մէջ գտնուիլ,  պէտք ունենալ  շօշափելի հասկացութեան մը.  օրինակ՝

Այս գրութիւնը սրբագրութեան կը կարօտի:

Հիւանդը աւելի ընտիր սնունդի կը կարօտի:

Լաւ տեսնելու համար՝ այս մանչը   ակնոցի կը կարօտի:

Դրացիս նիւթական օգնութեան կը կարօտի:

Այս իմաստով՝ բայս միանշանակ չէզոք է եւ կը պահանջէ տրական հոլով խնդիր, ինչպէս է պարագան բերուած օրինակներուն:

Ահա ա՛յս է կացութիւնը արեւմտահայ աշխարհաբարի մէջ:


*     *

*

Արդի արեւելահայերէնի մէջ բայիս երկու տարբերակներուն փոխարէն կը գտնենք  միայն մէկը՝ կարօտիլ-ը (-ել), որ ինչպէս վերը տեսանք միահամուռ  տրական հոլով խնդիր կը պահանջէ. հետեւաբար, ո՛ր իմաստով ալ գործածուի ան,  ի՛նչ ալ ըլլայ կարօտի առարկան, ան կը դրուի եւ անխուսափելիօրէն պիտի միշտ դրուի տրական հոլով, այսինքն՝ ան  կը բանի իբրեւ չէզոք սեռի բայ:

Գալով գրաբարին՝ ան ոնէր կարօտանալ եւ կարօտիլ. տեսնել «Նոր հայկազեան» բառարանը, ուր կը գտնենք բնագրային  օրինակներ եւս: Այստեղ սեռ չէ նշանակուած, սակայն օրինակներէն դատելով կրնանք հաստատել, որ բայերս պատմականօրէն եղած են չէզոք, քանի բոլոր օրինակներն ալ ունին տրական հոլով խնդիր:

*     *

*

Վերոնշեալ կարօտանալ, կարօտնալ եւ կարօտիլ համադիր  բայերու շարքին գրաբարը եւ արեւելահայ ու արեւմտահայ աշխարհաբարները ունին նաեւ կարօտ մնալ,  կարօտ ըլլալ եւ կարօտ դառնալ յարադիր ձեւերը, որոնց բոլորը միանշանակ կ’առնեն տրական հոլով խնդիր[1]. օրինակ՝ «Սիրտ անմտի կարօտ է հանճարոյ» («Նոր հայկազեան»): «Անգին եարիս լոյս երեսին կարօտ եմ» (Աւ. Իսահակեան):«Կարօտ ենք   տեսքիդ, աննմա՛ն գարուն» (նաեւ՝ կարօտ մնացինք, կարօտ դարձանք): Այսպէս է, քանի որ կարօտնալ պատմականօրէն չէզոք եղած է, հետեւաբար կարօտ ածական արմատը կը պահէ անոր  բնիկ խնդրառութիւնը: 

         

 Եզրակացութիւն

Ուրեմն կարօտ արմատը կրող բոլոր բայաձեւերը ընդհանուր հայերէնի մէջ կը ներկայանան չէզոք սեռով, բացի կարօտնալ-էն, որ արեւմտեան աշխարհաբարի մէջ  միայն երկսեռ է, եւ բացառուած չէ, որ յանգի ամբողջական սեռափոխութեան, իր հետ ալ ուրիշ բայեր:  Իսկ սեռափոխութիւնը ընդհանուր լեզուներու եւ մասնաւորաբար հայերէնի մէջ անկարելի  կամ բացառիկ երեւոյթ չէ բնաւ. օրինակ՝ գրաբարը կ’ըսէր «աղաչեմ զքեզ»,– ուրեմն աղաչեմ՝ ներգործական,– իսկ աշխարհաբարը կ’ըսէ «աղաչեմ քեզի»,– ուրեմն  աղաչեմ՝ չէզոք: Նման օրինակներուն թիւը  մեծ է, կը գոհանանք այս մէկով:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com 

 

 



[1]  Գրաբարը տարբեր հոլովներով եւս  կիրարկած այս ածականը. օրինակ՝  «Ահա յերեսաց քոց ոչ կարօտ եղէ» (բացառական):  «Մի՛ կարօտ առներ զիս ի յուսոյ իմմէ» (բացառական):  «Դեղօք եւ ոչ վիրօք կարօտ է մուրօղն»  (գործիական):