image

Նախագահ Թրամփ կը պատրաստուի վնասել Միացեալ Նահանգներու շահերուն՝ պարզապէս Էրտողանը գոհացնելու համար

Նախագահ Թրամփ կը պատրաստուի վնասել Միացեալ Նահանգներու շահերուն՝ պարզապէս Էրտողանը գոհացնելու համար

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ լուրջ սխալ մը գործելու եզրին է, վտանգի ենթարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի այլ անդամներու ապահովութիւնը, եթէ որոշէ պատժամիջոցներ չկիրարկել Թուրքիոյ դէմ՝ ռուսական S-400 հրթիռները ձեռք բերելուն համար. հրթռներ, որոնք անհամատեղելի են ՆԱԹՕի զինական համակարգին հետ եւ կը բացայայտեն ամերիկեան օդուժի նորագոյն F-35 կործանիչներու գործողութեան գաղտնիքները:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը երեք բանաձեւ ընդունած է, նախազգուշացնելով Թուրքիան՝ չգնել ռուսական հիթիռները, այլեւ սպառնացած է Թուրքիոյ՝ արգիլել F-35 կործանիչներու վաճառքը: Աւելին. պետական քարտուղար Մայք Պոմպէօ եւ ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաները հրապարակայնօրէն յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգներ խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ՝ ռուսական հրթիռներու ձեռքբերման համար: Թրամփ՝ ըլլալով անվճռական մարդ եւ սէր տածելով բռնապետներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ բռնակալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ, իր ամէնէն գլխաւոր խորհրդականներն ու Գոնկրեսի մեծամասնութիւնը անտեսելու եզրին է՝ թոյլ տալով Թուրքիոյ, որ խախտէ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու մասին օրէնքը:

29 Յունիս 2019ին, երբ G-20ի երկիրներու ղեկավարները տեսակցեցան Ճափոնի Օսաքա քաղաքը, Էրտողան վերջին հնարաւորութիւն մը ունէր համոզելու Թրամփը, որ չպատժէ Թուրքիան հրթիռներու ձեռքբերման համար:

Ստորեւ հատուածներ՝ Թրամփի խիստ մտահոգիչ յայտարարութիւններէն, զորս ան կատարած է Էրտողանի հետ տեսակցութեան ընթացքին, լրագրողներու ներկայութեամբ.

Նախագահ Թրամփ. «... Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ընկերոջս հետ, մարդու մը հետ, որուն հետ շատ մտերիմ եղած եմ բազմաթիւ առումներով, ան շատ լաւ աշխատանք կ՛ընէ, Թուրքիոյ նախագահն է: Եւ մեր հանդիպումը հիմնականին մէջ կապուած է առեւտուրի հետ: Մենք հետզհետէ աւելի շատ գործարք կ՛ընենք եւ կ՛ակնկալենք, որ կարելի կ՛ըլլայ քառապատկել այս գործարքին ծաւալները Թուրքիոյ հետ: Մենք կը կարծենք, որ ասիկա հոյակապ կ՛ըլլայ: Անոնք (թուրքերը) հմուտ վարպետներ են եւ հոյակապ արտադրանք ունին: Եւ մենք կը բացայայտենք այդ: Մենք նաեւ ռազմական արտադրանքի առեւտուր կ՛ընենք, անոնք բաւական շատ կը  գնեն մեր ռազմական արհեստագիտութենէն: Եւ ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ ձեզի հետ, պարոն նախագահ»:

Այնուհետեւ մատնացոյց ընելով սենեակին մէջ գտնուող Էրտողանի շքախումբը, Թրամփ ըսաւ. «Նայեցէք այս մարդոց, որքան լաւ են անոնք: Նայեցէք անոնց: Այնքան դիւրին է անոնց հետ բանակցիլ: Նայեցէք անոնց: Հիմնական դերասաններ: Հոլիվուտեան շրջանակներուն մէջ անոնց պէս մարդիկ չեն պատրաստուիր»:

Էրտողան պատասխանեց. «Պարոն նախագահ, նախ կ՛ուզեմ յայտնել, որ մեզի համար շատ կարեւոր է միասին ըլլալը Օսաքայի վեհաժողովին: Եւ մենք այժմ նպատակ ունինք հասնելու 75 միլիառ տոլարնոց առեւտուրի մակարդակի: Շատ քայլեր կան, զորս մենք պէտք է առնենք պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս, բայց աւելի կարեւորը այն է, որ մենք ունինք ռազմավարական գործընկերութիւն: Իսկ ռազմավարական գործընկերութիւնը նաեւ մեզ կը խրախուսէ, որ համերաշխութիւն ստեղծենք բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, եւ ես լիովին համոզուած եմ, որ մեր համերաշխութիւնը կը շարունակուի ռազմավարական գործընկերութեան շրջանակներու մէջ»:

Այս ներածական ելոյթներէն ետք Թրամփ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն.

Լրագրող. «Պարոն նախագահ, ի՞նչ պիտի ընէք S-400ներու հետ: Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցնե՞ր կիրարկելու կը պատրաստուի, եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ զանոնք»:

Թրամփ. «Դեհ, մենք կը քննարկենք ատիկա: Բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք, քանի որ նախագահին թոյլ չէ տրուած գնել «Փեթրիըթ» հրթիռներ: Հետեւաբար, երբ ան գնած է միւսները՝ S-200ներ կամ 400ներ, երբ ան գնած է զանոնք, ուրեմն  ուզած է գնել, սակայն Օպամայի վարչակազմը թոյլ չէ տուած գնելու, մինչեւ որ ան գործարք կնքած է ուրիշ հրթիռներ ձեռք ձգելու համար: Այսպիսով, ան կը գնէ ուրիշ հրթիռ, իսկ յետոյ անոնք յանկարծ կ՛ըսեն իրեն՝ «Հիմա դուք կրնաք գնել մեր հրթիռը»: Դուն չես կրնար նման բան ընել: Սա լաւ բան չէ, լաւ չէ»:

Լրագրող. «Արդեօք սա կը նշանակէ, որ կարելի է, այնպէս որ կրնաք...»:

Թրամփ. «Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Այդ խնդիր է, ատոր մասին հարց չկայ: Մենք կը փնտռենք տարբեր լուծումներ: Բայց անոր արգիլուած էր գնել, մինչեւ որ ըսաւ, որ ուրիշ բան կը գնէ: Իսկ յետոյ, երբ ան ուրիշ բան գնէ, բոլորը կ՛ըսեն՝ «Լաւ, դուք կրնաք ատիկա գնել: Չէք կրնար ասանկ գործ ընել: Թուրքիա եղած է մեր ընկերը եւ անոնք ըրած են, մենք միասին մեծ բաներ ըրած ենք: Մենք առեւտրական մեծ գործընկերներ ենք: Մենք աւելի մեծնալու կը պատրաստուինք: Կը կարծեմ, որ 75 միլիառը քիչ է: Կը կարծեմ, որ անիկա շուտով կ՛ըլլայ աւելի քան 100 միլիառ տոլար: Դուք չէք կրնար մարդոց հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս որ Օպամայի վարչակազմը կ՛ուզէր ընել...»:

Լրագրող. «Միացեալ Նահանգներ արդեօք պատժամիջոցնե՞ր կը կիրարկէ Թուրքիոյ դէմ՝ S-400 ունենալուն համար»:

Թրամփ. «Մենք կը հետեւինք ատոր: Բայց ատիկա երկիմաստ, ատիկա երկկողմանի փողոց է: Անոնք չեն ծախած նախագահին, անոր թոյլ չեն տուած գնել հրթիռը, զոր ան ուզած է գնել, որ «Փեթրիըթ»ն էր: Իսկ յետոյ, երբ ան գնեց ուրիշէն՝ ըսաւ. «Հիմա մե՛նք ձեզի կը ծախենք «Փեթրիըթը»: Այնպէս որ, ես պէտք է ձեզի ըսեմ՝ ան ՆԱԹՕի անդամ է, անոր հետ ես ընկերացած եմ: Պէտք է արդարացի վերաբերուիք մարդոց հետ: Դուք կը հասկնաք ատիկա: Դուք պէտք է արդարացի վերաբերուիք մարդոց հետ: Եւ ես չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան: Չեմ կարծեր, որ անոր հետ արդարացի վարուեցան»:

Լրագրող. «Գնդակը ձեր դաշտն է, պարոն նախագահ: Դուք կ՛ընէ՞ք: Դո՛ւք էք որոշում կայացնողը: Պատժամիջոցնե՞ր կը կիրարկէք»:

Թրամփ. «Լաւ, կը տեսնուինք պանդոկը, ժամը 3:30ին...»:

Լրագրող. «Պարոն նախագահ, դուք կը պատրաստուի՞ք Թուրքիա երթալու Յուլիսին: Դուք Յուլիսին պիտի երթա՞ք Թուրքիա, պարոն նախագահ: Ե՞րբ պիտի երթաք Թուրքիա»:

Թրամփ. «Առիթով մը կ՛երթամ Թուրքիա: Զիս հրաւիրած են, եւ ես կ՛երթամ Թուրքիա, այո»:

Լրագրող. «Ա՞յս տարի, պարոն նախագահ: Ա՞յս տարի կ՛երթաք Թուրքիա: Յուլիսի՞ն կ՛երթաք»:    

Թրամփ. «Մենք թուական չենք ճշդած»:

Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփ կողմնակից է թուրք ղեկավարին՝ ընդդէմ նախկին նախագահ Օպամայի, Միացեալ Նահանգներու Գոնկրեսին եւ իր երկրի ազգային անվտանգութեան պաշտօնեաներուն: Երկրորդ, սուտ է այն, որ նախագահ Օպամա մերժած է Թուրքիոյ ծախել ամերիկեան «Փեթրիըթ» հրթիռները: Թուրքիան չէ ընդունած վաճառքի պայմանները:

Ինչպէս որ իր որոշումներէն շատերուն պարագային, Թրամփ կարծես թէ իր անձնական շահերը՝ մի քանի միլիոն տոլարի եկամուտ՝ Սթամպուլի մէջ Թրամփի երկու շէնքերուն վրայ իր անունը ունենալու համար, վեր կը դասէ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն: Հապա ինչո՞ւ ան բազմիցս կը գովաբանէր բռնապետ եւ մարդու իրաւունքներու գլխաւոր ոտնահարող Էրտողանը:

Այս յօդուածը գրելու պահուն ռուսական հրթիռները արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Թուրքիա: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ Թրամփի վերջնական որոշումը պատժամիջոցներու վերաբերեալ: Արդեօք ան վտանգի կ՛ենթարկէ՞ ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերը՝ պարզապէս Էրտողանը գոհացնելու համար: Եթէ ան այդպէս վարուի, յոյսով եմ, որ ոչ մէկ ամերիկահայ կամ ուրիշ ոչ ոք կը քուէարկէ յօգուտ Թրամփի, 2020 թուականին...

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com


Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան