Շաբաթ օր, Եգիպտոսը վերացուց «Քորոնա» ժահրի համավարակի հետ կապուած շարք մը սահմանափակումներ, երկրին մէջ թոյլատրուած է բանալ սրճարանները, պարերը, մարզադահլիճները եւ թատրոնները, յայտնած է ABC-ն:
Բացի այդ, երկրին մէջ կը բացուին կրօնական կեդրոնները՝ մզկիթներն ու եկեղեցիները:
նշուած է, որ վերոնշեալ հաստատութիւնները կ'աշխատին սահմանափակումներով՝ կը բացուին սրճարաններուն ընդամէնը 25%-ը, իսկ մզկիթներուն ու եկեղեցիներուն մէջ տեղի չեն ունենար հիմնական շաբաթական ծառայութիւնները:
Երկրի կառավարութիւնը նախատեսած է նաեւ բանալ օդային կապերը` որոշակի ուղղութիւններով:
EgyptAir ազգային օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է, որ 1 Յուլիսէն սկսեալ, 29 միջազգային ուղղութիւններով թռիչքներ պիտի վերսկսին:
Նշուած է, որ զբօսաշրջութիւնը կը կազմէ երկրի տնտեսութեան զգալի մասը, Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) մօտ 12%-ը:
Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ երկրին մէջ վարակակիրներու պարագաներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 62755, մահացած է 2620 հիւանդ: