image

Լիոնի Թեմէն Ներս Սքանտա՞լ. Ֆրանսական Թերթ Մը Ծանր Մեղադրանքներու Մասին Գրած է

Լիոնի   Թեմէն Ներս Սքանտա՞լ. Ֆրանսական   Թերթ Մը Ծանր Մեղադրանքներու Մասին Գրած է

Փարիզ հրապարակուող  «Նոր Յառաջ»   պարբերականը  ֆրանսական  աղբիւրէ մը առնելով իր տեղեկութիւնը  Լիոնի   թեմէն ներս առկայ սքանատալի  մը մասին գրած է:  Թերթը,  որ իր տեղեկութիւնը  առած է ֆրանսական «Le Progrès»-էն  գրած է, թէ   «մինչ   Լիոնի թեմը  մանկամոլութեան  ծանրակշիռ պնդումներ կը դիմագրաւէ  այս օրերուն , այլ գայթակղութիւն մըն ալ ի յայտ եկաւ Հայց. Եկեղեցիէն ներս: Եւ խօսքը կը վերաբերի Դաւիթ Արք. Սահակեանին, որու վախճանման լուրն ալ առջի օր տուինք թերթիս սիւնակներուն մէջ»: «Նոր  Յառաջ»   շարունակելով  իր մէջբերումը  նաեւ նկատել տուած է, թէ 22 Յուլիս 2013-ին  երիտասարդ մը,  բողոք ներկայացուած էր սեռային յարձակման եւ բռնաբարման ենթարկուելու  պնդումներով, որոնք ըստ պնդողին գործուած էին 1990-ին Երուսաղէմի մէջ, այն տարիներուն երբ Դաւիթ. Արք. հոն կը պաշտօնավարէր: Ըստ լուրին դէպքերու ժամանակ 13 տարեկան զոհը մանրամասնօրէն պատմած է իրեն պարտադրուածները: 2015 Յունուար 22ին հայ հոգեւորականը քննութեան ենթարկուած է եւ ձեռնարկուած է դատական հետաքննութեան: Իսկ  22 Փետրուար 2016-ին  դատախազութիւնը իր ամբաստանագիրը վերջնական յայտարարելով գործը փոխանցած է Պատժական դատարան՝ 15 տարեկանէն երիտասարդ անչափահասի դէմ սեռային յարձակման ամբաստանութեամբ: Այն պահուն երբ կը սպասուէր, որ քննիչ դատաւորը արտայայտուի այդ դատին մասին, Սահակ Արք. վախճանած է:Թերթը կը գրէ թէ Դաւիթ Արք.ի վախճանումով այս հարցը կրնար փակուիլ: Բայց, զոհը՝ ոմն Հրայր, որոշած է հարցը տարածել ընկերային ցանցերու վրայ, որպէսզի ան բարձի թողի չըլլայ եւ ըստ իր փաստաբանին՝ մէթր Պուվիէ-Լը Պառի՝ «որպէսզի նման բաներ անգամ մըն ալ չկրկնուին»:«Le Progrès» կը գրէ նաեւ որ Լիոնի հայ համայնքի ներկայի հոգեւոր հովիւը շշմած է այս լուրով: Թերթը կ'աւելցնէ, թէ զոհը կ'ամբաստանէ այլ երկու հոգեւորականներ եւս նոյն պատճառներով, շեշտելով թէ սեռային այդ յարձակումները շարունակուած են մինչեւ իր 19 տարեկան հասակը: