image

Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հաւաք կառավարութեան շէնքի մօտ (Տեսանիւթ)

Փաշինեանի հրաժարականի  պահանջով հաւաք  կառավարութեան  շէնքի  մօտ (Տեսանիւթ)

«Հայրենիքի  փրկութեան  շարժման» գլխաւորութեամբ Հայաստանի ընդդիմութիւնը Նիկոլ  Փաշինեանի   հրաժարականի  պահանջով   հաւաք   կատարեց կառավարութեան շէնքին շուրջ։

 

Այս  մասին  կը յայտնէ  «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց,  որ     ընդդիմութեան շարք մը գործիչներ ելոյթ ունեցած կառավարութեան  շէնքին մօտ, իրենց  խօսքերուն  մէջ  շեշտը դնելով  Փաշինեանի հրաժարական տալու   կարեւորութեան վրայ։

 

 Անոնք նաեւ նշած են, որ Փաշինեան   որպէս քաղաքական   գործիչ   սպառած է եւ անոր հեռանալը  անյետաձգելի է։

 

 

 Յիշեցնենք, որ հակառակ  դուրս  տիրող լարուած   մթնոլորտին Փաշինեան     շարունակեց   նախագահել  կառավարութեան հերթական նիստը։