image

Հռոմի Պապը հիւա՞նդ

Հռոմի Պապը հիւա՞նդ

Ֆրանչիսկոս պապի վատ ինքնազգացողութեան պատճառով Հռոմի պապի գրասենեակն երէկ չեղարկած է միջոցառումներէն մէկը։ Պապի առողջութիւնը վատացած է երէկուայ միջոցառումէն ետք, որու ժամանակ նա աջակցութիւն յայտնած էր նոր «քորոնա» ժահրի վարակակիրներուն, ինչպէս նաեւ մօտէն շփում ունեցած էր հաւատացեալներուն հետ։

Դեռ երէկ անոր տեսած էին հազալու եւ քիթը մաքրելու ժամանակ։ Սակայն այդ վիճակի մէջ ալ պապը շարունակած էր սեղմել իրեն մեկնուած ձեռքերն ու օրհնել հետեւորդները։

Թէ ինչ հիւանդութիւն է Հռոմի պապի մօտ, դեռ յայտնի չէ։