image

Զատուլին շնորհաւորեց Արցախի Անկախութեան օրը

Զատուլին շնորհաւորեց Արցախի Անկախութեան օրը

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետդումայի 1-ին, 4-րդ, 5-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ գումարումներու պատգամաւոր, Պետդումայի ԱՊՀ գործերու, եւրասիական ինտեգրման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ՝ Կոնսդանդին Զատուլին շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը Հանրապետութեան օրուայ կապակցութեամբ։

Շնորհաւորական ուղերձով, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ Հանրապետութեան օրուայ առթիւ։ Կ'ուզեմ վստահեցնել ձեզի, որ Ռուսիոյ բոլոր ոչ անտարբեր մարդիկ մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար: Լեռնային Ղարաբաղի բնիկներուն հետ ուս ուսի տուած անցնելով բազմաթիւ պատերազմներ, այսօր մասնակցելով Ուքրանիոյ մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան՝ մենք սուր կը զգանք արդարութեան վրայ հիմնուած աշխարհի կարիքը։ Մարդիկ, որոնք անցած տարիներուն զէնք վերցուցած են՝ իրենց պատիւն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու համար, ունին ինքնորոշման լիարժէք իրաւունք։ Ես կ'աղօթեմ Աստծոյ, որ բոլորը հասկնան այդ եւ յարգանքով վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին։ Ձեզի եւ հանրապետութեան խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ բարօրութիւն կը մաղթեմ»։