Աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս։
Սթանիսլաւ Զասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան կը գտնուի երկօրեայ այցով՝ Օգոստոս 9-10-ին:
Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը հանդիպումներ ունեցած է Արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Հայկ Պետրոսեանի հետ։
Գրիգորեանը զրուցակիցին ներկայացուցած է Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ատրպեճանական ԶՈւ ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի պարբերական սադրանքները՝ այդ շարքին Նախիջեւանի տարածքէն։ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ անվտանգային եւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի վերաբերեալ հայկական կողմի գնահատականներու շրջածիրէն ներս Գրիգորեանը ուշադրութիւն հրաւիրած է Արցախի դէմ ատրպեճանաթրքական յարձակման հետեւանքներուն եւ անկէ բխող սպառնալիքներուն։ Երկուստեք շեշտուած է իրավիճակի ապաթէժացման անհրաժեշտութիւնը։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի գալիք նախագահութեան։
Արմէն Գրիգորեանը տեղեկացուցած է հայկական նախագահութեան հայեցակարգային մօտեցումներու մասին՝ շեշտելով, որ առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ անդամ պետութիւններու կարիքներուն ժամանակին արձագանգելու մեքենականութեան ամրապնդումը։
Սթանիսլաւ Զասն իր հերթին ընդգծած է ՀԱՊԿ կատարելագործման կարեւորութիւնը եւ վստահեցուցած, որ ՀԱՊԿ աշխատանքային մարմինները պիտի ներդնեն բոլոր ջանքերը հայկական կողմի յայտարարելիք առաջնահերթութիւնները կեանքի կոչելու համար։

Այնուհետեւ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ԱԽ գրասենեակի ղեկավար Հայկ Պետրոսեանի հանդիպումը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայ-ատրպեճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, անոր շուրջ վերջին զարգացումները եւ ՀԱՊԿ շրջածիրէն ներս առկայ մեքենականութիւններու օգտագործման հնարաւորութիւնները իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ 2021 Սեպտեմբերին Տաճիկիստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստին քննարկուելիք փաստաթուղթերու նախագիծերու համաձայնեցման, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի առաջիկայ նախագահութեան առաջնահերթութիւններու նախապատրաստման ընթացքին:
Հայաստանը ՀԱՊԿ նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ այս տարուան 16 Սեպտեմբերին։
Զասի Հայաստան այցի շրջածիրէն ներս հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ ՀՀ վարչապետի, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի հետ։