image

Զաս քննարկած է սահմանի իրավիճակը

Զաս քննարկած է սահմանի իրավիճակը

ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը, որ Հայաստան է եւ կը գլխաւորէ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը, հանդիպած է հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեանին հետ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀԱՊԿ-ի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Զայնէտտինովը։

«Տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ որոշ շրջաններու մէջ իրադրութեան հանգամանալից քննարկում։ Քննարկուած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ կազմակերպութեան կողմէ հետագայ հնարաւոր միջոցներու ընդունման հարցը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը ժամանած է Հայաստան՝ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը գլխաւորելով, 13 սեպտեմբերին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստի որոշման համապատասխան։ Առաքելութեան կազմին մէջ են ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք կազմակերպութեան աշխատանքային մարմիններու աշխատակիցներ են։