image

Զախարովան ռազմական գործողութիւններու հաւանականութեան մասին սլաք նետեց

Զախարովան ռազմական գործողութիւններու հաւանականութեան  մասին սլաք նետեց

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Ֆրանսա Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմի մը հող կը նախապատրաստէ՝ ըսաւ. «Կը կարծեմ, թէ Պաքուի մէջ, թէ շարք մը այլ վայրերու մէջ անոնք բաւական յոգնած են ներխուժումէն Փարիզի, որ անյաջող կերպով կը փորձէ վերականգնել իր աշխարհաքաղաքական հեղինակութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, այն, ինչը կորսնցուցած է աշխարհի այլ մասերու եւ այլ մայրցամաքներու մէջ»։ Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կրկնուող վտանգները կը պահպանուին՝ շեշտելով, որ այս առումով Ռուսիա հետեւողականօրէն կ՛աշխատի տարածաշրջանը վերածելու կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի` բոլոր տարածաշրջաններուն եւ անոնց դրացիներու շահերու հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած:

«Արեւմտեան միջնորդները, որոնց կարգին Ֆրանսա, բոլորովին այլ նպատակներ ունին. անոնք կը ձգտին Հարաւային Կովկասը վերածել աշխարհաքաղաքական առճակատման այլ ասպարէզի, կ՛անտեսեն տարածաշրջանի երկիրներու հիմնարար շահերը եւ ոչինչ կ՛ընեն այս տարածաշրջանի ապահովութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճում երաշխաւորելու համար», ըսաւ Զախարովա: