image

Յունաստանի մէջ. Ընտրութեանց երկրորդ փուլ

Յունաստանի մէջ. Ընտրութեանց երկրորդ փուլ

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոտաքիս երկուշաբթի օր հրաժարած է դաշինք կազմել այս շաբաթավերջին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ՝ հող նախապատրաստելով յունիսին երկրորդ քուէարկութեան համար: Այս մասին գրած է ekathimerini-ն։

Վարչապետի գլխաւորած «Նոր դեմոկրատիա»ն հաւաքած է ձայներու 40,8%-ը, իսկ գլխաւոր ընդդիմադիր, ձախակողմեան նախկին վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի «Սիրիզա»ն 20,1% հաւաքած է ։

Երեք խոշոր ուժերը, որոնց շարքին է նաեւ Նիքոս Անրտուլաքիսի գլխաւորած «ՓԱՍՈՔ»-ը, համաձայն չեն համագործակցութեան։

ՓԱՍՈՔ-ի խօսնակ Տիմիթրիս Մանցոս ERT-ին ըսած է, որ «համաձայնութիւններու կամ համագործակցութեան հնարաւորութիւն չկայ»:

Հեռուստատեսային յայտարարութեան մէջ Ցիփրաս կոչ ըրած է ընտրողներուն «կանխելու անվերահսկելի իշխող վարչապետի հեռանկարը» յաջորդ ընտրական պայքարին։