image

Յունաստանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Յունաստանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ

Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Փերիքլիս Մանթասը, Անասթասիոս Պարձոքասը եւ Քոնսթանթինոս Զախարիաթիսը այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամը։

Եւրոպայէն աշխատանքային այցով ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին:

Հիւրերը շրջած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը, ծանօթացած մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն:

Այցի աւարտին պատուիրակութեան անդամները գրառումներ ըած են Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւորները պիտի մասնակցին «ՀՀ Ազգային ժողովի կարողութիւններու ուժեղացում` Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) վերահսկողութեան ու կիրարկման հետագայ աջակցութեան համար» զուգորդութեան ծրագրի փակման արարողութեան: