image

Յունաստան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է ԼՂ-էն տեղահանուած անձանց համար

Յունաստան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է ԼՂ-էն տեղահանուած անձանց համար

Յունաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Հայաստան՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձանց համար։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին տեղեկացուցած է ՀՀ-ի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էվանկելոս Թուրնաքիսը։

Ան մասնաւորապէս յայտնած է, որ յունական կողմն այսօր Հայաստանի կառավարութեան յատկացուցած է չորս  թոն մարդասիրական բեռ։ Երեւան ժամանած է նաեւ յատուկ մասնագիտացուած մարդոց խումբ՝ բաղկացած հոգեբաններէ եւ ընկերային աշխատողներէ, որոնք հոգեբանական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձանց, որոնք տուժած են մարդասիրական ճգնաժամէն  

«Յունաստանը կանգնած է Հայաստանի կողքին, որ այսօր եւս մէկ անգամ կ՚ապացուցուի։ Օգտուելով առիթէն՝ կ՚ուզեմ նաեւ ըսել, որ Յունաստանը մեծապէս կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեանն ու ինքնիշխանութեանը»,-ըսած է ՀՀ-ի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։