image

Յունաստան չի պատրաստուիր իր զօրքերը՝ Ուքրանիա ղրկել

Յունաստան չի պատրաստուիր իր զօրքերը՝ Ուքրանիա ղրկել

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Կիորկոս Կերափեթիթիս բացառած է, որ իրենք զօրք ուղարկեն Ուքրանիա։

Այս մասին յայտնած է Ռիա Նովոսթի։

Պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ կա՞յ արդեօք հաւանականութիւն, որ եւրոպական զօրքերը մասնակցին Ուքրանիոյ հակամարտութեան, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը պարզաբանած է, որ Յունաստանի օրակարգին վրայ զօրք ուղարկելու մասին խօսք չկայ։

Փետրուարի վերջին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն չէր բացառած Ուքրանիոյ արեւմտեան ցամաքային ուժեր ուղարկելու հնարաւորութիւնը։

Ան, սակայն, ընդգծած էր, որ այս հարցով համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած դեռ։