«Ամենամեծ վտանգը անտարբերութիւնն է. սիրոյ միւս կողմը ատելութիւնը չէ, անտարբերութիւնն է, գեղեցկութեան միւս կողմը տգեղութիւնը չէ, անտարբերութիւնն է, կեանքի միւս կողմը մահը չէ, անտարբերութիւնն է. մենք պէտք է պայքարենք անտարբերութեան դէմ», յղում ընելով «Աւրորա»ի մասնակիցի խօսքերուն` ըսաւ «Ապագայ հայկական»ի նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբեն Վարդանեանը:
Յիշեցնենք, որ Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ նախաձեռնութեան առաջին համագումարը, որ նուիրուած էր ժողովրդագրական խնդիրներուն:
«Մենք չենք պարտուել: Ոչ մի բան չի վերջացել: Արցախի ժողովուրդն իր պատմութեան ընթացքում տարբեր էջեր է ունեցել. այս էջը փակուած չէ եւ մենք գնալու ենք յառաջ»,- ըսաւ Ռուբէն Վարդանեանը` նկատելով, որ եթէ հասարակութիւնը պայքարի այդ անտարբերութեան դէմ, հայրենիքը չի կանգնիր մարտահրաւէրներու առջեւ:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ 2022 թուականի աշնանը տեղի պիտի ունենալու «Ապագայ հայկական»ի համաժողովը, որ պիտի համախմբէ շուրջ 200 մասնակիցներ եւ առաջատար փորձագէտներ` Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն: