image

Ըստ Պոլթընի իրանցի ցուցարարները կը զինուին

Ըստ Պոլթընի իրանցի ցուցարարները կը զինուին

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթըն ըսած է, որ Իրանի մէջ երկու ամիսէն աւելի պայքարող ընդդիմադիր ցուցարարները կը զինուին: Ըստ անոր՝ ընդդիմադիրները զէնք կը ստանան Իրաքի Քիւրտիստանէն:

Ինչպէս գրած է presstv.ir-ը, Պոլթըն այս մասին ըսած է BBC-ի՝ Լոնտոնէն հեռարձակուող իրանաեան ծառայութեան:

Պոլթըն, որ տարիներ շարունակ գլխաւորած է Թրամփի հակաիրանեան քաղաքականութիւնը, յոյս յայտնած է, որ Իրանի մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցերը, որոնք բռնկած են ոստիկանական կալանքի տակ գտնուող երիտասարդ կնոջ մահէն ետք, կը յանգեցնեն «ռեժիմի փոփոխութեան»:

Պոլթընի խօսքով՝ ընդդիմադիրներու «համակարգուած ջանքերու հեռանկարը» ոչ միայն բողոքելն է, այլեւ հարկադրական ուժ կիրառել Իրանի կառավարութեան դէմ՝ տեղ հասցնելու «պատգամը» առ այն, որ իրենք այլեւս անզէն չեն եւ կրնան դիմակայել Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբին:

Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Իրանի մէջ հակակառավարական ցոյցերու աւելի քան 1000 մասնակցի դէմ դատական վճիռներ կայացուած են: 1979 թուականի Իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր Իրանի հոգեւոր առաջնորդներու համար ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը՝ արդէն եօթ շաբաթ տեւող ցոյցերը, չեն դադրիր:

Ընդդիմադիր HRANA լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ շաբաթ օրուան դրութեամբ անկարգութիւններու ընթացքին զոհուած է 318 ցուցարար, այդ շարքին՝ 49 անչափահաս։ Նշուած է, որ սպանուած է նաեւ անվտանգութեան ուժերու 38 աշխատակից:

Անցեալ ամիս պետական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ սպանուած է անվտանգութեան ուժերու աւելի քան 46 անդամ, ներառեալ՝ ոստիկաններ։

Իրանի առաջնորդները թշնամիները, այդ շարքին Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը մեղադրած են անկարգութիւններ հրահրելու մէջ: Իրանցի օրէնսդիրները կոչ ըրած են դատական համակարգին «վճռականօրէն վարուելու» յանցագործներու հետ:

Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին շուրջ երկու ամիս։