Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Մոսկուայի մէջ իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Պաքուն խաղաղ կարգաւորման պայմանագրի նախագիծ պատրաստած է եւ ներկայացուցած հայկական կողմին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը։
Պայրամովի խօսքով՝ Ատրպէյճան նպատակ ունի Հայաստանի հետ հակամարտութիւնը լուծել որքան հնարաւոր է շուտ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի շուրջ բանակցութիւններու երրորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ մինչեւ տարեվերջ, աւելցուցած է Պայրամով Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։
«Ատրպէյճանական կողմէ մեկնաբանութիւններու երրորդ փաթեթը արդէն ներկայացուած է հայկական կողմին, եւ մենք կը կարծենք, որ մինչեւ այս տարուան վերջ հնարաւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլը կայացնել խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի շուրջ», -ըսած է Պայրամով: