Ֆրանսա կը շարունակէ մօտէն հետեւելի Լիբանանի մէջ ընթացող զարգացումներուն։ Այս առումով օրեր առաջ խօսակցութեան նիւթ սկսաւ դառնալ, ըստ որուն, պաշտօնական Փարիզ Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութեան խնդրով ունի նոր նախաձեռնութիւն մը,որ պիտի յայտարարուի աւելի ուշ։
Ամէն պարագայի օրերս Պէյրութէն ստացուած լուրերու համաձայն նախագահ Մաքրոն վերահաստատած է իրենց քաղաքական կամքը, Լիբանանի նեցուկ կանգնելու կապակցութեամբ եւ այդ մասին ալ կը ներկայացնենք Պէյրութի «Ազդակ»ին մէջ լոյս տեսած լրատւութիւնը։
Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ե օրերս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Ֆրանսայի համար երկկողմանի յարաբերութիւնները կարեւոր են:
Մաքրոն հաստատեց, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները ամուր պահելու եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք բարգաւաճեցնելու սկզբունքին:
Մաքրոն շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով անոր յղած շնորհաւորագիրին համար:
Մաքրոն ընդգծեց, որ ինք յուզուած է նախագահ Աունի շնորհաւորագիրին բովանդակութեամբ եւ երախտագիտութիւն յայտնած նախագահ Աունի նախաձեռնութեան: