Եւրոպացի առաջնորդներու կողմէ Ուքրանիոյ 50 միլիառ եւրօ տրամադրելու միաձայն որոշման ընդունումը ազդանշան կու տայ Քրեմլին, որ Եւրոպան «չէ յոգնած», եւ Ռուսիան պէտք չէ յոյս դնէ ատոր վրայ։ Այս մասին Պրիւսէլի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, հաղորդած է The Guardian-ը։
«Ուղերձը պարզ է՝ Ռուսիան պէտք չէ յոյս դնէ եւրոպացիներու յոգնածութեան վրայ՝ Ուքրանիոյ աջակցելու հարցով», -ըսած է Ֆրանսայի նախագահը։
Մաքրոն աւելցուցած է, որ ընդունուած համաձայնագիրը կանխատեսելիութիւն կու տայ Եւրոպական Միութեան երկարաժամկէտ տնտեսական եւ ելեւմտական պարտաւորութիւններու միջոցով Ուքրանիոյ աջակցելու համար։
«Ռազմական աջակցութեան առումով եւրոպական երկիրները երկկողմանի պարտաւորութիւններ ստանձնած են: Ֆրանսան պիտի տրամադրէ ռազմական սարքեր, որ կրնայ վճռորոշ ըլլալ ռազմի դաշտին մէջ, այդ շարքին՝ Scalpe հրթիռներ հակաօդային պաշտպանութեան եւ «Կեսար» հրետանային համակարգերու համար», -ըսած է Մաքրոն։