image

Ընտրական օրակարգով. Պոլսոյ մէջ «Համատարած պոռթկում»

Ընտրական օրակարգով. Պոլսոյ մէջ «Համատարած պոռթկում»

«Համատարած պոռթկում» խորագրով կարճ լրատւութիւն մը կատարած էր Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը։ 

Աղբիւրը, որ մօտէն կը հետեւի գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր Պոլսոյ մէջ ընթացող համայնքներու (Վագըֆներու) վարչութեանց ընտրութիւններուն հաղորդած էր, որ համայնքային շրջանակներ (որոնց մէջ նաեւ Պատրիարքութիւնն իր գլխաւորով՝ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքով) մեծ մտահոգութիւններ ունին յառաջիկայ փուլին տեղի ունենալիք մասնաւորապէս ՝ Պէօյիւքտէրէ եւ Պէյօղլու շրջաններուն մէջ կայանալիք ընտրութեանց վերաբերեալ։ 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Պատրիարք Հայրը այս առումով հեռախօսային կապ ունեցած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հարցերով բարձրաստիճան պատասխանատուին հետ եւ անոր հաղորդած, որ Պատրիարքութեան ու համայնքին համար շատ կարեւոր է, որ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն լաւագոյնս արտացոլայ ընտրող զանգուածին քուէարկելու կամքը։ 

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ արդէն ինը տարիներէ ի վեր համայնքային ընտրութիւններ չեն կայացուիր, իսկ այս ընտրութիւններու նորամշակ օրէնքը համայնքը դրած է «հապճեպ» կերպով ընտրութիւնները իրականացնելու ընտրանքին դիմաց։ 

 

 Աւելի յստակ դարձնելու համար ընդհանուր պատկերը ստորեւ կը ներկայացնենք «Ժամանակ»ի լրատւութիւնը։

 

 

Մինչ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը կ՚ընթանայ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց եւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն համար կատարուած կարգադրութիւնները հետզհետէ աւելի կը խորացնեն մտահոգութիւնը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այս երկու եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներն ալ առանձին ընտրական մարմիններ ձեւաւորած ըլլալով յառաջ կը տանին գործընթացը, որու իւրաքանչիւր փուլին առնուած քայլերը կու գան քիչ մը աւելի վիրաւորել համայնքին խիղճը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան պարտաւորուած է վերստին դիմել պետութեան։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատկան պաշտօնական իշխանութիւններու նկատառման յանձնած է ստեղծուած խնդիրները։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյին ուղարկած է նամակ մը, որով կարեւորած է ընտրողներու կամքի քուէատուփին վրայ ցոլանալը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ նկատած է, որ Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդներու ընտրութեան համար քուէատուփեր տեղադրուին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն մէջ, ուր մեր համայնքի անդամները կը գտնուին խտացեալ ձեւով։