Աւելորդաբանութիւն (8)
1. Ընթացքին
Սա իր կարգին ուրիշ աւելորդաբանութիւն մըն է, որ կը դրուի ժամանակ ցոյց տուող բառերու վրայ հոն, ուր այդ բառերուն տրական հոլովը առանձին կրնայ ցոյց տալ ցանկալի ժամանակը. օրինակ՝
--Վերջին ժամուան ընթացքին ստացուած են կարգ մը հաստատումներ:
Բոլորովին աւելորդ է «ընթացքին»-ը. ահաւասիկ.
--Վերջին ժամուն ստացուած են կարգ մը հաստատումներ:
Պակաս բան մը ըսած եղա՞նք՝ առանց «ընթացքին»-ի եւ գործածելով միայն ժամ գոյականի տրական հոլովը:
--Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին 7.000.000 գերմանացի մեռաւ:
--Համաշխարհային Բ. պատերազմին 7.000.000 գերմանացի մեռաւ:
--Սրբազան քահանայապետը յունիս ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան:
--Սրբազան քահանայապետը յունիս ամսուն պիտի այցելէ Լիբանան:
Ինչպէս կը տեսնենք, ժամուն, պատերազմին, ամսուն տրականները կատարելապէս ի վիճակի են ուզուած ժամանակը բնորոշելու, կարելի է մինչեւ անգամ ըսել, որ մեր խօսքը շատ աւելի դիպուկ, յստակ ու հաղորդական է առանց ընթացքին-ի ներկայութեան:
Այս չի նշանակեր, թէ ընթացքին բառը, որ ժամանակ ցոյց տուող յետադրութիւն մըն է, դուրս կ’ընենք լեզուէն, ոչ ալ կ’առաջարկենք զայն վանել բառարաններէն: Ան մեր ընտիր բառերէն մէկն է, որ իր անփոխարինելի դերը ունի լեզուի մէջ, քանի միշտ չէ, որ պարզ հոլով մը բաւարար է ժամանակ կամ տարածութիւն ցոյց տալու:
Ահաւասիկ օրինակներ.
--Գործի ընթացքին պատահած է այս արկածը:
--Ճամբու ընթացքին տեսածները մանրամասն պատմեց:
Չենք կրնար ըսել կամ ալ գոհացուցիչ չէ, թերի բան մը ունի հետեւեալը.
--Գործին հանդիպած է այս արկածին:
Այսինքն՝ ընթացքին-ը այստեղ կը պարտադրէ ինքզինք:
Միւս կողմէ՝ ուրիշ բան է ըսել՝
--Ճամբան տեսածները մանրամասն պատմեց:
Ճամբու ընթացքին-ը տեւողութեան, շարունակականութեան գաղափարը կը թելադրէ. ան ճամբուն զանազան կէտերուն վրայ տեսածները պատմեց: Մինչդեռ ճամբան առանձին առած՝ կրնայ նշանակել յատուկ, սահմանափակ կէտ մը. օրինակ. «ճամբան սատկած կատու մը տեսայ»,— անշուշտ ինչ-որ տեղ մը, միայն կէտի մը վրայ տեսածը կը նշէ այս ըսողը:
* * *
Վերը բերուած բոլոր օրինակներուն մէջ ընթացքին-ը կիրարկուած է իբրեւ յետադրութիւն: Սակայն ծագումով ան հասարակ գոյական մըն է, որ կրնայ ազատօրէն հոլովուիլ՝
ընթացք-ընթացքի-ընթացքէ-ընթացքով
եւ ունենալ գոյականական զանազան կիրարկութիւններ. օրինակ՝
--Ներկայ ընթացքդ շատ գոհացուցիչ է:
--Ջուրին ընթացքին հետեւելով՝ հասանք լճակի մը:
--Գործատէրը շատ գոհ է եղբօրդ ընթացքէն:
--Նայինք այս ընթացքով ո՛ւր պիտի հասնինք:
2. Մօտ
Արդի հայերէնը՝ իր զոյգ բարբառներով, խաթարող եւ հայերէն գրողներուն միտքը բթացնող ահարկու գործօնի մը վերածուած է այս բառը վերջին քանի մը տասնամեակներուն. ան յաջողած է անգործութեան մատնել բազմաթիւ բնորոշ բառեր ու գրաւել անոնց տեղը՝ մտաւորականին ու ռամիկին բառամթերքին մէջ հաւասարապէս: Առայժմ կը յաջողի անտեղիտալիօրէն դիմադրել իր յոռի ու հիւանդագին կիրարկութիւնները արմատախիլ ընելու բոլոր. կը բաւէ աչք մը նետել «Ազդակ»-ի հերթական մէկ թիւին վրայ՝ համոզուելու համար այս իրողութեան:
Անոր համապարփակ սերտողութիւնը ձգելով այլ առիթի, ստորեւ տեսնենք անոր աւելորդաբար կիրարկումի մէկ քանի օրինակները միայն:
***Որքան ճիգեր ի գործ դրուած են հայոց լեզուն հայ աշակերտութեան մօտ ջամբելու համար:
Ուր բոլորովին աւելորդ է մօտ յետադրութիւնը: Ուրեմն պարտինք ըսել՝
--Որքան ճիգեր ի գործ դրուած են հայոց լեզուն հայ աշակերտութեան ջամբելու համար:
***Պայտընի հրաժարիլը զարմանք պատճառեց հակառակորդներու մօտ:
--Պայտընի հրաժարիլը զարմանք պատճառեց հակառակորդնեդուն:
***Պետութեան մօտ կատարուող քննութիւնները տեղի կ’ունենան ա՛յս դպրոցին մէջ:
--Պետական քննութիւնները տեղի կ’ուենան ա՛յս դպրոցին մէջ:
***Տարեգիրքը հրատարակուեցաւ նոյն տպարանին մօտ:
--Նոյն տպարանը հրատարակեց տարեգիրքը:
***Մելիք-Թանգեան բացառիկ պատիւ կը վայելէր պարսիկ պետութեան մօտ:
--Մելիք -Թանգեան բացառիկ պատիւ կը վայելէր պարսիկ պետութենէն:
***Այս գիրքը շատ գնահատուած է ընթերցողներուն մօտ:
--Ընթերցողները շատ կը գնահատեն այս գիրքը:
--Այս գիրքը շատ գնահատուած է ընթերցողներէն:
3. Կողմէ
Այս եւս պարզ գոյական մըն է, որուն բացառական հոլովը կը կիրարկուի նաեւ իբրեւ յետադրութիւն, յաճախ բոլորովին անտեղի՝ աւելորդաբար. օրինակ՝
***Պէտք է նկատի ունենալ թշնամիին կողմէ մագլցումի վտանգները:
-- Պէտք է նկատի ունենալ թշնամիին մագլցումի վտանգները:
****Հիւանդանոցները իրենց հացը մեր ընկերութեան կողմէ կը ստանան:
--Հիւանդանոցները իրենց հացը մեր ընկերութենէն կը ստանան:
***Իրանի կողմէ տրոած հարուածը կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու:
-- Իրանի տուած հարուածը կրնայ յանգեցնել լուրջ հետեւանքներու:
***Լիբանանի Կարմիր խաչի կողմէ իրագործուած դասախօսական շարքեր...
-- Լիբանանի Կարմիր խաչի իրագործած դասախօսական շարքերը...
***Սերտեցինք թշնամիին կողմէ կացութիւնը սրելու փորձերը:
-- Սերտեցինք թշնամիին՝ կացութիւնը սրելու փորձերը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com