Յառաջիկայ 18 սեպտեմբերին Հալէպի մէջ պիտի կայացուին Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ։ Այս առթիւ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուին գալիք ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուութիւնը դրած մեր հայրենակիցներուն անունները։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ներկայացուցած հաղորդագրութիւնը՝
18 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ նահանգներու Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ-ի) ընտրութիւնները։ Պիտի ընտրուի իւրաքանչիւր նահանգի նահանգային խորհուրդ, ինչպէս նաեւ պիտի ձեւաւորուի քաղաքային խորհուրդ:
Այսու կը տեղեկացնենք, որ ՏԻՄ-ի ընտրութիւններուն Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի թեկնածուներն են՝ Արա Մութաֆեան, երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեան եւ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան։
Կը յորդորենք մեր համայնքի զաւակները մասնակցիլ ընտրութիւններուն։
Քուէարկութիւնը պատասխանատուութիւն եւ քաղաքացիական պարտաւորութիւն է։