Իսթանպուլի մէջ հացահատիկի համաձայնագրերով Ռուսիոյ Դաշնութեան պարտաւորութիւնները չեն արգիլեր շարունակել յատուկ գործողութիւնը Ուքրանիոյ մէջ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ այս մասին յայտնած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
Լաւրովն ընդգծած է, որ Իսթանպուլի մէջ ստորագրուած համաձայնագրերուն համապատասխան հացահատիկի մատակարարման համար խոչընդոտներ չկան։
«Օտեսայի նաւահանգիստի հացահատիկի անցքը կը գտնուի ռազմական հատուածէն զգալի հեռաւորութեան վրայ։ Իսթանպուլի մէջ ստորագրուած պայմանագրերու համաձայն՝ հացահատիկի մատակարարման համար խոչընդոտներ չկան, եւ մենք արգելք չենք ստեղծած»,-աւցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։