image

Յակոբ Ճէլալեանի մահը

 Յակոբ  Ճէլալեանի մահը

Օրերս  Աթէնքի մէջ  իր մահկանացուն  կնքած է    Յունահայ   համայնքի  մտաւորական  անդամներէն՝ Յակոբ  Ճէլալեան։

 Ճէլալեան կը պատկանէր   համայնքի  յառաջդիմական (ձախ  թեքումով  շրջանակներուն)։   Երկար  տարիներ  ան  հանդէս  եկած է հրապարագրական  նիւթերով,  իսկ վերջին տարիներուն ալ հիմնադրած էր  «Հակոբէտիա»  անունով    պլոկը, ուր  հայ դատի,    հայագիտական, հայ- յունական յարաբերութեանց մասին  նիւթերէ  բացի կը տեղադրէր նաեւ երաժշտական  նիւթեր։

 

  Ճէլալեանի մասին հակիրճ մահագրական մը  լոյսին տուած է  Աթէնքի մեր պաշտօնակից՝ «Ազատ  օր»ը, ուրկէ կը կարդանք՝ 

 

Չորեքշաբթի՝ 15 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, իր աչքերը փակեց յունահայ մտաւորական սերունդի յատկանշական եւ արժանաւոր դէմքերէն՝ Յակոբ Ճէլալեան։ Ծնած էր 1938-ին եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր հայ մշակոյթի, գրականութեան, արուեստի եւ երաժշտութեան ոլորտներուն։ Երկար տարիներ եղած էր «Ազատ Օր»-ի աշխատակից, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ժրաջան անդամ, ունեցած էր մշակութային բեղուն գործունէութիւն, ինչպէս նաեւ ստորագրած էր շարք մը գիրքեր եւ աշխատութիւններ՝ հայ գրականութան, տպագրութեան ու արուեստին մասին։ Իր խնամքով հաւաքուած հայ ազգագրական պատմական իրերու հաւաքածոն նուիրած էր Սարդարապատի յուշահամալիրի թանգարանին։ Կ՚անդրադառնանք իր մասին։