image

Յաղթանակս կը նուիրեմ Հայաստանին. Մալենա

Յաղթանակս կը նուիրեմ Հայաստանին. Մալենա

«Մանկական Եւրոտեսիլ 2021» երգի միջազգային մրցոյթին յաղթած Հայաստանի պատուիրակ Մալենան, որու շնորհիւ մրցոյթը 2022-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, Դեկտեմբեր 22-ին Հայաստանի պատուիրակութեան հետ վերադարձած է հայրենիք:

Լրագրողների հետ զրոյցին Մալենան խոստովանած է, որ առաջ նման մեծ բեմի վրայ ելոյթ չէ ունեցած, ուստի սկիզբը լարուած էր, սակայն փորձերու ընթացքին յուզմունքը անցած է, իսկ համերգին օրը ելոյթէն մեծ բաւականութիւն ստացած է: «Յաղթանակս կը նուիրեմ Հայաստանին, իմ հայերուն. ես ձեզ շատ-շատ կը սիրեմ», շեշտած է 14-ամեայ Մալենան:

Երգչուհին յայտնած է, որ շատ կը փափաքի մեծ արուեստագէտ դառնալ, բարձր պահել Հայաստանի անունը ամէն երկրի մէջ եւ ճանչցուած ըլլալ:

Խօսելով մրցոյթի յաղթանակէն յետոյ Ատրպէյճանը ներկայացնող երգչուհիին հետ ողջագուրուելու մասին՝ Մալենան պատմած է, որ  մինչեւ այդ պահը չէ խօսած, չէ առնչուած անոր հետ, սակայն Հայաստանի յաղթանակէն յետոյ ան մօտեցած է Մալենային, գրկած ու շնորհաւորած է: Մալենան որեւէ թշնամանք չի տածեր Ատրպէյճանի պատուիրակին հանդէպ, որովհետեւ վերջինս իր պէս աղջիկ է: