image

Wizz Air Abu Dhabi-ով թռիչքներ դէպի Երեւան

Wizz Air Abu Dhabi-ով թռիչքներ դէպի Երեւան

Wizz Air Abu Dhabi-ին թռիչքներ պիտի սկսի դէպի Երեւան. համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ ԱՄԷ այցի ընթացքին։

Երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուող նոր օդային կամուրջը եւս մէկ կարեւոր քայլ է Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ առեւտրատնտեսական ու գործարար կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ, այն էական խթան պիտի ըլլայ յատկապէս զբօսաշրջութեան զարգացման համար:

Նշենք, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանը աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնած է Յունուար 14-ին: