image

Wikileaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ բանտին մէջ կաթուած տարած է

Wikileaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ բանտին մէջ կաթուած տարած է

WikiLeaks ոչ-առեւտրային կազմակերպութեան հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ, որ 2019 թուականէն կը գտնուի Լոնտոնի Պելմարշ բանտին մէջ, կաթուած տարած է:

Ուղեղային արիւնաշրջանառութեան սուր խանգարում գրանցուած է Լոնտոնի Գերագոյն դատարանին մէջ Ասանժի ելոյթի ժամանակ, որ հաղորդուած է բանտէն տեսակապի միջոցով: Անոր խօսքով՝ կատթուածը հրահրուած է սթրեսով, որ կապուած է Ուաշինկթընի նախաձեռնած հետապնդման հետ: 

Կը նշուի նաեւ, որ WikiLeaks-ի հիմնադրի յիշողութեան հետ կապուած խնդիրներ կը նկատուին, կան նաեւ այլ ախտանշաններ, որոնք կը վկայեն նեարդաբանական խանգարումներու մասին: