Կ՚ողջունեմ ՀՀ վարչապետի այցը երկիր, բայց ցաւալի է, որ ինծի հնարաւորութիւն չտրուեցաւ հանդիպիլ անոր հետ։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին։
«Ցաւալի է եւ յատկանշական, որ պատկան մարմինները նախագահին չեն տեղեկացներ բարձր մակարդակի այցերու, հանդիպումներու կամ միջոցառումներու մասին»,- գրած է Զուրապիշվիլին։
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը Վրաստան կատարած այցի ընթացքին բանակցութիւններ վարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ, որոնց շնորհիւ Հայաստանն ու Վրաստանը ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր ստորագրած են։