Աշխարհի մէջ 2024 թուականին գրանցուած է արձանագրուած մահապատիժներու ամենաբարձր ցուցանիշը վերջին տասնամեակին, ըսուած է Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ։
Անցեալ տարի մահապատիժի ենթարկուած է 1,518 մարդ՝ 2015-ին 1,634-ի համեմատ։ Մահապատիժներու մեծ մասը (91%) իրականացուած է Իրանի, Իրաքի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։ Մահապատիժի ենթարկուածներու ընդհանուր թիւէն 40%-ը դատապարտուած է թմրամիջոցներու հետ կապուած յանցագործութիւններու համար։
Կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ թիւերը չեն ներառեր «հազարաւոր մարդիկ», որոնք մահապատիժի ենթարկուած են Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Վիեթնամի մէջ: Amnesty-ին չէ յաջողած նաեւ հաւաստի տուեալներ ստանալ Պաղեստինի եւ Սուրիոյ մէջ մահապատիժներու վերաբերեալ՝ այնտեղ շարունակուող հակամարտութիւններու պատճառով:
Նախորդ տարին Իրանի, Իրաքի մէջ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ մահապատժի ենթարկուած է 1,380 մարդ: Նշուած է, որ Իրաքի մէջ մահապատիժներու թիւն աճած է գրեթէ չորս անգամ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ երկու անգամ։ Իրանի մէջ մահապատիժի ենթարկած են 119-ով աւելի, քան նախորդ տարի։ Այնուամենայնիւ, Amnesty-ն ընդգծած է, որ 2024 թուականին մահապատիժներ իրականացուած են ընդամէնը 15 երկիրներու մէջ, որ մրցանշային ցած ցուցանիշ է երկրորդ տարին անընդմէջ։