image

Պոլսոյ մէջ. Հայր եւ դուստր քրիստոնեայ մկրտուեցան

Պոլսոյ մէջ.  Հայր եւ դուստր քրիստոնեայ մկրտուեցան

 Ինչքան  կարեւոր է վերադարձը  մեր ազգի այն  բոլոր զաւակներուն, որոնց  նախնիները ինչ- ինչ սեւ պայմաններու բերումով  հեռացած են  մեր եկեղեցւոյ   սրտէն ու հոգիէն։  Այդ մեծ վերադարձերու իրական դաշտագետինը Թուրքիան է, որուն ամենահեռաւոր աւաններուն ու շէներուն մէջ հայու արմատը կայ,  գ յաճախ ծածուխ, յաճախ   թաքնուած ու երբեմն ալ  անճանաչելի դարձած։ 

 

 Այս օրերուն   վերադարձի նոր առիթ մը ո ուրախութեամբ պսակուած է  հայկական Պոլսոյ մէջ, ուրուն մասին  ալ «Արեւելք»  կը կարդայ «Ժամանակ»ի  էջերով։

 Ստորեւ  կը ներկայանենք երկու հայորդիներու Թուրան Չէչէնի  եւ իր  դսոտեր՝ Տիճլէ Չէչէնի  դէպի մեր եկեղեցւոյ ծոցը  վերադառնալու  լրատւութիւնը։

 

 Բարի վերադարձ  ըսենք եւ սպասենք  նոր  ու պատեհ վերադարձներու։

 

Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անցեալ կիրակի տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ատըեամանցի բարեսէր հայերու մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան նախագահ Սատըք Պաքըրճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուեցաւ Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որով Թուրան Չէչէն եւ իր դուստրը՝ Տիճլէ Չէչէն մկրտուեցան Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն եւ դրոշմուեցան սրբալոյս միւռոնով։ Խորհրդակատարութիւնը իրականացուց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Մկրտեալներուն կնքահայրն էր Սատըք Պաքըրճըօղլու։

Տէր հայրը Թուրան Չէչէնը աւազանի անունով կոչեց Արեգ, իսկ Տիճլէ Չէչէնը՝ Սարա։

Կը շնորհաւորենք նորոգ մկրտեալները եւ իրենց կնքահայրը