image

Ուրախ լուր Տիթրոյթէն (Լուսանկար)

  Ուրախ լուր Տիթրոյթէն (Լուսանկար)

 Օրերս ուրախ լուր մը ստացանք Միացեալ Նահանգներու  Արեւելեան  Ափէն։

 Արմատներով պոլսահայ եւ վերջին տարիներուն Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող Տ. Արմաշ  քահանայ Պաղտասարեանը, երկրորդ անգամ ըլլալով հայրացած է դուստրով մը ՝ Նայիրի։ 

 

 Նշենք նաեւ, որ   Տէր Հօր  առաջնեկը կը կոչուի Նաթան եւ այսպիսով   Տէր Հայրն ու Երէցկին՝ Մարանը  հայկական իտէալական ընտանիքով մը պիտի շարունակեն իրենց երթը։ 

 

 Յիշեցնենք, որ  Տ.  Արմաշ  քահանան հոգեւոր հովիւն է Տիթրոյթի Սուրբ   Յովհաննէս  եկեղեցւոյ  եւ այդ պաշտօնը կը կատարէ  մեծ  սիրով եւ ձեռնհասութեամբ։

 

 

 Մեծ  առումներով   ծանր եւ դժուարին  մեր օրերու  ֆոնին, մեզի համար որպէս «Արեւելք» էական կը մնայ նոր  օճախներու, նոր հայորդիներու եւ հայուհիներու ծննդեան լուրը ներկայացնել այն վառ հաւատքով, որ ինչպէս անցեալին այսօր ալ միասնաբար եւ հաւաքական կամքով պիտի կարողանանք դուրս գալ  մեր ցաւոտ իրականութիւնէն։

 

 Այս առթիւ ալ մեր խնդակցութիւնները կը կիսենք սիրելի տէր հօր եւ անոր թանկ ընտանիքի անդամներուն հետ։