Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը Դեկտեմբեր 3-ին կ'ակնկալէ հեռախօսային բանակցութիւններ ունենալ Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի հետ, որոնց ընթացքին ան կրնայ անդրադառնալ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին։ Այս մասին Ռիկայի մէջ, ուր կ'ընթանայ ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումը, յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլուն։
«Մենք կապի մէջ ենք երկու կողմերու (Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ) հետ եւ կողմ ենք ապամագլցողութեան։ Վերջերս ես բանակցութիւններ վարեցի Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Տմիթրի Քուլեպայի հետ։ Ուրբաթ օր մեր նախագահը կը պատրաստուի բանակցութիւններ վարելու նախագահ Փութինի հետ», ըսած է թուրք նախարարը՝ պատասխանելով Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ լարուածութիւնը մեկնաբանելու լրագրողի խնդրանքին։
Թուրքիան կը կարծէ, որ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները չեն «լուծեր խնդիրը» եւ չեն օգներ Ուքրանիոյ, ըսած է Չաւուշօղլուն։ «Մենք կը կարծենք, որ պատժամիջոցները չեն լուծեր խնդիրը, այդ չլուծեց նախապէս: Մենք տեսանք, թէ ինչպէս պատժամիջոցներ սահմանուած են շարք մը երկրիներու նկատմամբ, երբեմն մենք պատժամիջոցներու թիրախ դարձած ենք, բայց այդ խնդիրը չի լուծեր։ Եթէ, օրինակ, պատճամիջոցներու փոխարէն ընտրենք զսպումը, ապա այդ պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ։ Բայց մենք՝ որպէս Թուրքիա, կը հաւատանք զսպման եւ երկխօսութեան միջեւ ճիշդ հաւասարակշռութեան: Այնպէս որ, Ուքրանիոյ կամ մէկ այլ երկրի հնարաւոր պիտի չըլլայ օգնել միայն պատժամիջոցներու կիրառմամբ», ըսած է ան։