image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ խնդրով ՆԱԹՕ-էն ներս միացեալ տեսակէտ չկայ. Պայտըն

Ուքրանիոյ խնդրով ՆԱԹՕ-էն ներս միացեալ տեսակէտ չկայ. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն CNN-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու միջեւ միասնութիւն չի տեսներ`այս պահուն դաշինքին Ուքրանիոյ հնարաւոր անդամակցութեան հարցով։

«Չեմ կարծեր, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ միաձայն դիրքորոշում կայ այն հարցով, թէ արդեօք պէտք է Ուքրանիոյ հրաւիրել ՆԱԹՕ-ի ընտանիք հիմա, այս պահուն»,-ըսած է Պայտըն։

Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքով՝ ինք այդ հարցի շուրջ հանգամանալից զրոյց ունեցած է Վլատիմիր Զելենսքիի հետ եւ բացատրած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ ապահովել Ուքրանիոյ անվտանգութիւնը եւ զէնք մատակարարել։

«Սակայն ես կը կարծեմ, որ վաղաժամ է խօսիլ եւ քուէարկութեան կոչ ընել, քանի որ կան շարք մը այլ պահանջներ, որոնք պէտք է կատարուին», - աւելցուցած է Պայտըն։

Ան նաեւ ըսած է, որ լաւատեսօրէն տրամադրուած է մօտ ապագային Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հեռանկարներուն՝ Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ դաշինքի առաջիկայ գագաթնաժողովի լոյսի ներքոյ: