image

Ուքրանիա կը խոստանայ Արեւմուտքի զէնքով չհարուածել Ռուսիոյ տարածքը

Ուքրանիա կը խոստանայ Արեւմուտքի զէնքով չհարուածել Ռուսիոյ տարածքը

Ուքրանիան երաշխիքներ տուած է, որ պիտի չօգտագործէ Արեւմուտքի մատակարարած զէնքերը ռուսական տարածքը գնդակոծելու համար: Քիեւի համապատասխան խոստումներուն մասին պատմած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիսթինա Լամպրեխթը:

«Մենք հաստատումներ կամ երաշխիքներ պահանջելու կարիք չունինք, Ուքրանիան ինք տուած է այդ հաստատումները, երաշխիքները», ըսած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը:

Անոր խօսքով` Պրիւքսէլի մէջ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքովը Քիեւի անունով ըսած է, որ մատակարարուած զէնքը կ'օգտագործուի միայն ինքնապաշտպանութեան համար: