image

Ուքրանիա գտնուող 105 լիբանանցիներ հասած են Պէյրութ

Ուքրանիա  գտնուող  105  լիբանանցիներ հասած են Պէյրութ

Իրենց ուսումը շարունակելու նպատակով ուքրանական համալսարաններ յաճախող հարիւրաւոր լիբանանցի ուսանողներ փախուստ կու տան Ուքրանիայէն եւ կը փափաքին վերադառնալ Լիբանան:

Այս շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին Լիբանան հասաւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւը, որ 105 լիբանանցիներ փոխադրեց Լիբանան:

Օդանաւը, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր, երէկ հասաւ Վարշաւա, ուր համախմբուած էին Ուքրանիայէն հասած լիբանանցիներ:

«Միտըլ իսթ» ընկերութեան պատկանող օդանաւը լիբանանցի ուսանողները փոխադրեց Պէյրութ:

Նշենք, որ Խէյր Վարշաւայի մէջ այցելած էր Լեհաստանի լիբանանեան դեսպանատունը եւ անոր հետ համադրած լիբանանցիներուն տունդարձի բոլոր մանրամասնութիւնները:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանցի ուսանողները ջերմօրէն ու յուզումով դիմաւորուեցան իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն կողմէ:

 

Լուրը՝  «Ազդակ»էն