image

Ուքրան դիւանագէտները կը մերժեն իրենց երկիրը վերադառնալ

Ուքրան դիւանագէտները կը մերժեն իրենց երկիրը վերադառնալ

Ուքրանացի դիւանագէտները զանգուածաբար կը հրաժարին վերադառնալ Ուքրանիա. դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատակիցներու մինչեւ 60%-ը երկիր չէ վերադարձած արտասահմանեան գործուղումներու աւարտին։ Գրած է «Շաբթուայ հայելի»-ի արտաքին քաղաքականութեան սիւնակագիր Վլատիմիր Քրավչենքոն։

«2022 թուականի սկիզբէն դիւանագիտական գերատեսչութիւններու աշխատակիցներու 40-էն 60%-ը չէ վերադարձած արտասահմանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանութիւններէն, սակայն գործնականօրէն այդ ցուցանիշները կրնան աւելի մեծ ըլլալ»,- գրած է ան։

Անցեալ տարի ԱՄՆ-էն պէտք է վերադառնար դեսպանութիւններու եւ հիւպատոսութիւններու մօտ 20 աշխատակից, սակայն միայն մէկը վերադարձած է։ Կան դեսպանատուներ, ուրկէ դիւանագէտներէն որեւէ մէկը չէ վերադարձած։ Հիմնական գործօնները, որոնք կ'ազդեն անոնց որոշման վրայ, ֆինանսական եւ Ուքրանիոյ մէջ զբաղուածութեան հետ կապուած խնդիրներն են, զօրահաւաքի վախը եւ այն, որ ժամանելէ ետք անոնք չեն կրնար լքել երկիրը՝ այցելելու իրենց ընտանիքներուն։

«Երբ դիւանագէտները, որոնք միշտ պէտք է պաշտպանեն իրենց երկրի շահերը առաջնագիծին, չեն վերադառնարկը , նշանակէ, որ անոնք չեն հաւատար այս երկրի ապագային: Եւ սա ցուցիչ է թէ՛ ուքրանական հասարակութեան, թէ՛ արտասահմանեան ներդրողներու համար: Իրավիճակը չի նպաստեր այն նպատակի իրականացման, որու մասին նախագահը խօսած է դեսպաններու հանդիպման ժամանակ՝ ուքրանացիները տուն վերադարձնել։ Ինչպէ՞ս կրնան դիւանագէտները նպաստել միլիոնաւոր ուքրանացիներու վերադարձին Ուքրանիա, որոնք փախած են․․․ ԱՄՆ, Գերմանիա, Լեհաստան, Չեխիա, եթէ դիւանագէտները իրենք չուզեն վերադառնալ»,- գրած է սիւնակագիրը։