image

Ունինք Եւրոպայի ախոյեան

Ունինք  Եւրոպայի ախոյեան

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սուրէն Աղաճանեանը, մինչեւ 20 տարեկան ըմբիշներու Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչին 4-0 արդիւնքով յաղթելով վրացի Տմիթրի Խաչիձէին, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Յիշեցնենք, որ Աղաճանեանը 1/4 եզրափակիչին 9-0 արդիւնքով յաղթած էր Շուէտի ներկայացուցիչին, իսկ կիսաեզրափակիչին Մ23 Եւրոպայի գործող ախոյեան՝ ատրպէյճանցի Մամատլիին: